Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան եւ ճարտարապետ Սեւան Նշանեան, որ անցնող 14 յուլիսին յաջողած էր փախուստ տալ թրքական բանտէն, փափաք յայտնած է ապաստան գտնելու Յունաստանի մէջ, որուն հանդէպ ունի մեծ համարում եւ կը նախընտրէ, որ անիկա ըլլայ իր երկրորդ կամ երրորդ հայրենիքը:
Հայկական եւ թրքական լրատուամիջոցներու («Արմէնփրես», «Պիրկիւն» եւ այլն) տուած իր հարցազրոյցներուն ընթացքին Նշանեան անդրադարձած է թրքական բանտերուն մէջ իր «ապրած» երեքուկէս տարուան կեցութեան պայմաններուն եւ դժուարութիւններուն, որոնք համեմատաբար աւելի տանելի եղած են: Նշանեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու` լեզուական եւ կրօնական նիւթերով, որոնց համար ալ 17 տարուան արգելափակման ենթարկուած ապօրինի շինարարութեան անհիմն մեղադրանքներով: Անոր արգելափակումը եղած է քաղաքական շարժառիթով: Ան իր բանտախուցին մէջ եւս շարունակած է խորհրդածել, ստեղծագործել եւ գրել: Ան օրինակ ամբողջացուցած է թրքերէնի մասին իր բառարանային լուրջ ուսումնասիրութիւնը:
Դէպի ազատութիւն իր «թռիչքի» ճամբուն վրայ անոր առաջին արտայայտութիւնը եղած է «թռչունը թռաւ, տարոսը ութսուն միլիոնին»: Քանի մը բառ, որոնք կը խտացնեն այժմու Թուրքիոյ իսկական պատկերը:
Իր շունչը Յունաստան առած պոլսահայ մտաւորականը կը ծրագրէ այս օրերուն իսկ ապաստանի դիմում ներկայացնել իր այնքան սիրած «քաղաքակիրթ ու գեղեցիկ» Յունաստանին:
Ան ունի հինգ զաւակներ, որոնցմէ չորսը արդէն չափահաս են ու կը գտնուին Թուրքիոյ Շիրինճէ շրջանը (նախապէս` Նէա Էֆեսուս): Նշանեան անհաւանական կը նկատէ, որ իր փախուստին հետեւանքները կրեն իր ընտանեկան պարագաները: Բարձրագոյն ուսումը ամերիկեան համալսարաններու մէջ կատարելագործելէ ետք, ծնունդով պոլսահայ ճարտարապետը որոշած է հաստատուիլ Թուրքիոյ մէջ: Սակայն անոր ազատամիտ գաղափարներուն խոտոր համեմատած են Թուրքիոյ քաղաքական եւ առհասարակ մարդկային ու ապրուստի պայմանները, որոնց չհանդուրժելով գրած է «Սխալ հանրապետութիւն» խորագրեալ իր քննադատական գիրքը, ինչ որ զգալի հակակրանք ստեղծած է իր նկատմամբ պետական եւ իշխանամէտ շրջանակներուն մօտ: Այսուհանդերձ ան ունեցած է բազմաթիւ թուրք բարեկամներ, որոնք բաժնած են ու կը բաժնեն իր գաղափարները: Օրինակ` թուրք այլախոհ մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու իր ստացած խաղաղութեան մրցանակը նուիրած է Սեւան Նշանեանին:
Նշանեան փափաք յայտնած է իր կարգավիճակը դասաւորելէ եւ օրինական կերպով շրջելու իրաւունքը ստանալէ ետք նախ եւ առաջ այցելել Հայաստան, որ չանտեսեց զինք եւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով պարգեւատրեց զինք իր բանտախուցին մէջ: Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ ազգակից բարեկամներ օժանդակած ու նեցուկ կանգնած են իրեն:
17 տարուան ազատազրկման սպասումը երկար նկատելով` Նշանեան շուրջ երկու տարի մտածած ու ծրագրած է ազատութեան ելքերու մասին եւ սակայն դիւրութեամբ յաջողած է իր ձեռագիրները շալկած սովորական արտօնութեամբ «դուրս ելլել» ու չվերադառնալ` որոշ լումաներ բաշխելով աջ ու ձախ…
Նշանեան կը դիմակալէ որոշ դժուարութիւններ եւ իսկական մարտահրաւէրները կը սկսին այսուհետեւ: Ան կարիքը ունի սփիւռքահայութեան, համա՛յն հայութեան զօրակցութեան, ինչպէս հաստատած էր անոր որդին` Արսէնը: