Խորհրդարանը վաղը պիտի գումարէ օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերուն յաւելումները վաւերացնելու առումով դրական կեցուածքներ արձանագրուեցան լիբանանեան քաղաքական տարբեր հեղինակութիւններու կողմէ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ վաւերացուի նաեւ երկրին պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ կատարուին վարչական ու դիւանագիտական նշանակումներ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց պետութեան նիւթական առողջ իրավիճակը ապահովելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է վաւերացնել պետական ամավարկը, որուն հիման վրայ կ՛որոշուի պետութեան նիւթական պատկերը:
Նախագահ Աուն շեշտեց նիւթական հաշիւներուն թափանցիկութեան անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով յարգելու քաղաքացիներուն իրաւունքները, զանոնք զերծ կացուցելով ընտրական հաշիւներէ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, թէ երկիրը կը դիմագրաւէ զգայուն փուլ մը, որ ազգային պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն կ՛ենթադրէ այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը պահպանեն լիբանանեան պետութեան կայունութիւնն ու նիւթական առողջ վիճակը:
Նշենք, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգը քննարկելու իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան օրէնսդրական նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին` աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:
Երէկ երեկոյեան Պըրրիի այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ խստիւ քննադատեց բանակին դէմ կատարուած արտայայտութիւնները: «Բանակը քննադատելը առողջ բան չէ, մանաւանդ երբ երկիրը կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ, իսկ լիբանանեան բանակը յաջողած է յաղթել ահաբեկչութեան», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան տնտեսութեան կառոյցը վերակազմաւորել` շեշտելով, որ իրենք կը զօրակցին աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարի վաւերացման, պայմանով որ անիկա մնայ 1200 միլիառ լ. ոսկիի սահմաններուն մէջ:
Աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին շրջագիծին մէջ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի նշեց, որ ինք վարչապետին հետ համաձայնած է աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու հարցին շուրջ: «Իմ կարծիքովս, աշխատավարձի յաւելումները պետական գանձարկղին վրայ բեռ մը չի նկատուիր», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու մասին համաձայնութիւնը գոյացած է եւ երեքշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին արդէն իսկ կարելի է վաւերացնել այդ թղթածրարը:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի հաստատեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր համաձայն է, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ այս իմաստով գործակցութիւն հաստատուի:
Ան նշեց, որ այս առումով հանրապետութեան նախագահէն չեն պահանջեր Սուրիա այցելել, «սակայն համագործակցութիւնը նաեւ այլ միջոցներով կարելի է», ըսաւ ան:
Պըրրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններ արդէն իսկ կան, իսկ սուրիական վարչակարգին հետ միջազգային հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են: «Ես լաւ կը հասկնամ սուրիական կառավարութեան հետ գործակցելու մասին Մուսթաքպալ հոսանքին կեցուածքը, սակայն անիկա չ՛արգիլեր, որ խորհրդակցութիւններ կատարուին», եզրափակեց Պըրրի:



