Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Կը Մերժենք Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Բնակեցումը Ապահովող Միջազգային Որեւէ Որոշում»

July 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան հաստատեց Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ աշխատանքները համադրելու կարեւորութիւնը:

Քանաան շեշտեց, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները ռազմավարական են եւ երկար պիտի տեւեն` կերտել կարենալու համար լիբանանեան պետութիւնը եւ պարտադրելու համար սահմանադրութեան ու ժողովրդավարութեան նկատմամբ յարգանքը:

Քանաան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու բնակեցումը ապահովող միջազգային որեւէ որոշում:

Միւս կողմէ, Ժահժահ յայտնեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը լաւագոյն կարելիութիւնն էր` շեշտելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ընդհանուր առմամբ նուաճում մըն է:

Ժահժահ նոյնպէս ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այս իմաստով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը պատրաստէ ծրագիր մը, որ պիտի ներկայացնէ կառավարութեան, որ իր կարգին զայն պիտի յղէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին:

Ըստ Ժահժահին ծրագիրը պիտի ընդգծէ, թէ արդէն իսկ ժամանակն է, որ սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան իրենց երկիրը` ուղղուելով դէպի սուրիական ապահով եւ աւելի ընդարձակ հողեր:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աւելի Քան 200 Տեղահանուածներ Վերադարձան Սուրիա

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.