Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը Կը Կրէ Ամբողջ Պատասխանատուութիւնը»

July 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Քիշնեւի մէջ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, արձագանգելով Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարին` ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շեշտեց. «Կրկին Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները, չարաշահելով այս հարթակը, օրակարգի նիւթին` Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան մասին խօսելու փոխարէն հանդէս կու գան սադրիչ յայտարարութիւններով:

«Անվտանգութիւնը մեր շրջանին մէջ կը շարունակէ վտանգուած մնալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ Ազրպէյճանէն մնայուն կերպով հնչող ուժի կիրարկման սպառնալիքներուն պատճառով: Ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճան լայնածաւալ յարձակումներ կատարեց Արցախի դէմ, գործադրեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ, քաղաքացիներուն, ներառեալ երեխաներու, կանանց ու ծերերու նկատմամբ կատարեց վայրագութիւններ, զոհուածներուն մարմիններու խոշտանգումներ, ՏԱՀԵՇ-ի ոճով գլխատումներ:

«4 յուլիսին Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը անգամ մը եւս, տխրահռչակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ոճով, ինչպէս շատ անգամ անկէ առաջ, իր ժողովուրդը իբրեւ կենդանի վահան օգտագործեց` Լեռնային Ղարաբաղը ծանր հրետանիով, ներառեալ «ԹՌ-107»  համազարկային հրթիռային համակարգով, ռմբակոծելու համար: Ի պատասխան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը ստիպուած էր ազրպէյճանական կողմի յարձակողապաշտ  գործողութիւններուն դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմել:

«Այնքան ատեն որ Ազրպէյճան չի կատարեր 1994-1995-ի զինադադարի եռակողմանի համաձայնագիրներով ստանձնած իր միջազգային պարտաւորութիւնները, կը հրաժարի իրականացնել Վիեննայի եւ Ս.  Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, յատկապէս զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ, որ կրնայ նաեւ կանխարգիլման մեքանիզմ հանդիսանալ, ապա միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը կրէ իր սադրանքներուն հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը», հաստատեց նախարար Նալբանդեան:

Նախորդը

Գասպար Կարապետեան. «Այս Երեխան Ազրպէյճանի Կառավարութեան Եւ Ալիեւի Անմարդկային Վերաբերմունքի Զոհն Է»

Յաջորդը

Կրիզման Դադրեցաւ Գործակցիլ Իր Գործակալին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.