Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գասպար Կարապետեան. «Այս Երեխան Ազրպէյճանի Կառավարութեան Եւ Ալիեւի Անմարդկային Վերաբերմունքի Զոհն Է»

July 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակը` անդրադառնալով Ազրպէյճանի  կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներուն, կը հաղորդէ, թէ 4 յուլիսի յարձակումներու ընթացքին ազրպէյճանական բանակը իր սեփական բնակչութիւնը օգտագործած է իբրեւ մարդկային վահան` արձակելով իր հրթիռային հարուածները բնակեցուած գիւղի մը մօտակայքէն: Իբրեւ հետեւանք մահացած են 2 ազրպէյճանցիներ որոնցմէ մէկը` 2 տարեկան երեխայ մը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան` անդրադառնալով յիշեալ հարցին նշեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել երկրի ներքին խնդիրներէն եւ մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան խախտումներէն` դէպի Արցախի հակամարտութիւն:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ իր բնակչութիւնը իբրեւ մարդկային վահան քարոզչական նպատակներ ունենալով: Բնականաբար, դժբախտ երեւոյթ մըն է անմեղ երեխայի մը զոհուիլը, սակայն այս երեխան Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ Ալիեւի անմարդկային վերաբերմունքին զոհն է:

Նոյն վերաբերմունքին ականատես եղանք ազրպէյճանական բանակին կողմէն ապրիլեան հակամարտութեան ընթացքին գործադրուած պատերազմական ոճիրներուն, մասնաւորապէս Թալիշ գիւղի 90-ամեայ  հայ քաղաքացիներու մարմիններու խեղման եւ հայ զինուորներու «Իսլամական պետութեան» ոճով գլխատումներուն», ըսաւ Կարապետեան:

Ան շարունակեց` ընդգծելով. «ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են` դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ վերադառնալու բանակցային սեղան, սակայն այս մէկը անբաւարար է: Մինսքի խմբակի պարտականութիւնն է նաեւ մատնանշել զինադադարը խախտող կողմը եւ դատապարտել զայն: Այս իմաստով հայկական կողմը պէտք է շարունակէ ճնշում բանեցնել Մինսքի խմբակի վրայ, մանաւանդ Սան Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի բանակցութիւններու ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններու գործադրութեան համար»:

Կարապետեան եզրափակեց` ըսելով. «Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան հրապարակումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը տեղեկացուց Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն սահմանի վրայ Ազրպէյճանի կողմէն այս վերջին խախտումներուն ճշգրիտ բնոյթին մասին:

Եւ արդէն կարգ մը անդամներ հրապարակային ձեւով դատապարտած են Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը»:

Նախորդը

Թշնամիին Կրակոցէն Զինուոր Մը Զոհուած Է

Յաջորդը

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը Կը Կրէ Ամբողջ Պատասխանատուութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.