Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Անթուան Կրիզման որոշեց դադրեցնել իր համագործակցութիւնը իր գործակալին` Էրիք Օլաթսի հետ:
Օլաթս 14 տարեկանին սկսած է Կրիզմանի հետ աշխատիլ:
«Ֆութպոլիստին ներկայի ու ապագայի հեռանկարները կը հակասեն մեր համագործակցութեան: Այժմ կը կեդրոնանամ, Ռէալ Սոսիետատի փոքրերու աշխատանքին վրայ` կերտելու համար ապագայի աստղեր: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կրիզմանին` այն վստահութեան համար, զորս ցուցաբերեց ինծի նկատմամբ: Անոր կը մաղթեմ յաջողութիւն». Օլաթսի խօսքերը կը մէջբերէ «Լ՛եքիփ»-ը:
Նշենք, որ վերջերս Կրիզման Աթլեթիքոյի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2022: