Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Իր Մղած Պատերազմին Մէջ` Բանակին Դիմաց Ոչ Մէկ Կարմիր Գիծ Պէտք Է Դրուի»

July 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չարտօնէ, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին մէջ բանակին դիմաց կարմիր գիծեր քաշուին կամ արգելքներ դրուին: Ան ըսաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ծնած է բանակէն եւ իբրեւ այդպիսին պիտի ըլլայ բանակին առաջին պաշտպաններէն:

Ապու Սաապ ընդգծեց, որ բանակը շատ սուղ վճարած է ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին ընթացքին, եւ զարմանք յայտնեց Արսալի գործողութենէն ետք բանակին հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն մասին:

«Բանակին եւ անոր հրամանատարին նկատմամբ բացարձակ վստահութիւն կայ: Բանակի գերագոյն հրամանատար` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն տարբեր են եւ անոնք լուռ պիտի չմնան բանակը քննադատողներուն գծով», ըսաւ Ապու Սաապ:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն` զօրակցելու բանակին եւ նեցուկ կանգնելու անոր հրամանատարութեան:

Իսկ բանակը քննադատող քաղաքական ուժերուն անդրադառնալով, Ապու Սաապ կոչ ուղղեց անոնց` յետս կոչելու իրենց կեցուածքները, յիշեցնելով բոլորին, թէ նման տեսակէտներու պատճառով կարգ մը բանակայիններ տակաւին առեւանգուած կը մնան:

«Բոլորին շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը: Այսօր Արսալի բարձունքներուն վրայ կատարուածը վտանգաւոր է, որովհետեւ աշխարհի տարածքին պարտութիւններ կրող ահաբեկչութիւնը կրնայ ճեղքեր յառաջացնել լիբանանեան ներքին կեանքին մէջ եւ պայթեցնել Լիբանանը», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Պետութիւնը Բոլորին Համար Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.