Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին անուանի աստղ Տիեկօ Մարատոնա դարձաւ Նափոլիի պատուոյ քաղաքացի, հաղորդեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
Ինչպէս ծանօթ է, Մարատոնա 1984-1991 մաս կազմած է Նափոլիի` 259 մրցումի ընթացքին նշանակելով 115 կոլ:
Ան իտալական ակումբին հետ 2 անգամ հռչակուեցաւ Իտալիոյ ախոյեան, իսկ մէկական անգամ ալ` Իտալիոյ բաժակակիր, Իտալիոյ գերբաժակակիր եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տիտղոսակիր:
Պատուոյ քաղաքացիի տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Սան Ժաքոմօ» պալատին մէջ, ուր Մարատոնա ստացաւ իր պաշտօնական փաստաթուղթը:



