Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսները Դրուատեցին Բանակին Ու Ապահովութեան Ուժերուն Նուաճումները Եւ Կոչ Ուղղեցին Վաւերացնելու Աշխատավարձի Յաւելումները

July 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը շնորհաւորեց Եուսեֆ Ա. Ապսին` յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարք ընտրուելուն առիթով եւ անոր յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:

Խորհուրդը բարձր գնահատեց Պաապտայի խորհրդակցական հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ի գործ դրած ջանքերը` ի խնդիր երկրին հարցերուն լուծման:

Մարոնի եպիսկոպոսները ընդգծեցին երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը պահանջեց ընտրական նոր օրէնքին գործադրութիւնը` կարեւոր նկատելով նաեւ լիբանանցիներուն այդ օրէնքը բացատրելու քայլը, որպէսզի քաղաքացիները ըստ այնմ քուէարկեն:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու պետական ամավարկը եւ բաւարար գումար ապահովելու` ֆինանսաւորելու համար աշխատավարձերուն յաւելումները, առանց քաղաքացիները յաւելեալ տուրքերու ենթարկելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տարածուած զէնքին եւ անոր ապօրինի գործածութեան առնչութեամբ` հաստատելով այդ յոռի երեւոյթները ջնջելու արշաւներուն կարեւորութիւնը` պետութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ գործակցութեամբ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նուաճումները` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարի շրջագիծին մէջ:

Խորհուրդը դրուատեց անցեալ շաբաթավերջին Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական տեսակարար գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջները բացայայտելու անոր բարձր կարողութիւնները:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց երկրին բոլոր հեղինակութիւններուն նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովելու անոր անհրաժեշտ ամբողջ զօրակցութիւնը:

 

Նախորդը

Քանաան. «Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Նապաթիէի, Հարաւային Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Նահանգներուն Պիւտճէները Վաւերացուած Են»

Յաջորդը

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Խուրի Կատարեցին Ամշիթի Միջազգային Փառատօնին Մեկնարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.