Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոցի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

July 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, Գարակէօզեան ամառնային դպրոցի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու 70  աշակերտները երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ դպրոցի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանի, հայերէն լեզուի եւ Դ. դասարանի պատասխանատու Կարօ Աղազարեանի, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոցի անձնակազմէն Վիքի Գալուստեանի, Սփիրօ-Ցոլակ Թալաթինեանի եւ Սագօ Եագուպեանի:

Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները. ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լրահոսի «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:

Աշակերտները հետաքրքրական հարցումներով հարստացուցին հանդիպումը` զայն վերածելով հաճելի զրոյցի: Աշակերտներուն կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուեցաւ «Ազդակ»-ի յատուկ «Էփ»-ի դրութեան նկատմամբ:

Մատնանշուեցան նաեւ օրաթերթին կողքին տարեկան դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան թերթը, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերը, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով լոյս տեսնող յաւելուածները:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծանօթացան գրաշարներու, էջադրողին, սրբագրողին, թուայնացումի հոլովոյթին եւ խմբագրակազմին աշխատանքներուն ու հետաքրքրութեամբ դիտեցին թերթին արխիւները:

Խմբագրատան մէջ աշակերտները այցելեցին նաեւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի գրասենեակը, ուր անոնք ընդունուեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագիր Սրբուկ Ճենանեանի կողմէ` խոստանալով գրութեամբ կամ գծագրութեամբ իրենց ներդրումը ունենալ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի յաջորդ թիւին մէջ:

Հանդիպումին աւարտին աշակերտները դիմաւորուեցան նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի  կողմէ: Անոնք քաջալերեցին աշակերտներուն աշխատանքը` գնահատելով անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնը:

Հոգեկան մեծ բաւարարութիւն էր նաեւ տեսնել, որ աշակերտներուն մեծ մասը ոչ միայն ծանօթ է «Պզտիկ-Մզտիկ»-ին, այլ` դպրոցներուն հետ գործակցութեան ընդմէջէն մասնակից դարձած է անոր աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

«Սըրսոք» Թանգարանը Կը Ներկայացնէ «Հայրենակարօտ»-ը` Սուրիահայ Արուեստագէտ Հրայր Սարգիսեանի Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէա Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ Միջցամաքային Հեռահար Հրթիռի Առաջին Յաջող Փորձարկման Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.