Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Վարձէ Լոպիիստական Եւ PR-ի Չորս Ընկերութիւններ

July 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի 
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիոյ կառավարութեան վարձած լոպիստական եւ PR-ի ընկերութիւնները բացայայտելէ ետք, այժմ կը տեղեկացնեմ Ազրպէյճանի վարձած չորս համանման ընկերութիւններուն մասին:

Դիտարկելով արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ Ազրպէյճանի նենգամիտ մօտեցումները` նկատեցի հետեւեալ պատկերը.

1) Ինչպիսի գործողութիւններու ալ ձեռնարկեն ամերիկահայերը` իրենց հարցերու լուծման համար, Ազրպէյճան կը ձգտի նմանակել զանոնք եւ հակազդել անոնց` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր վարձու ընկերութիւններուն միջոցով: Նախագահ Ալիեւ 2013 թուականի իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի «հիմնական թշնամին հայկական լոպին է»: Ան նաեւ նշեց, որ «հայկական լոպին օր ու գիշեր կը փորձէ զրպարտել Ազրպէյճանը, վարկաբեկել անոր հեղինակութիւնը: Անոնք նիւթական մեծ աղբիւրներ ունին: Անոնք սերտօրէն կապուած են իշխանութիւններուն հետ` իրենց երկիրներուն, ուր «լոպինկ»-ի անուան տակ նուիրատուութիւններ կ՛ընեն օրէնսդիրներուն: Բայց, իրականութեան մէջ, այդ կաշառք է: Այսպիսով, հայկական լոպին մեր դէմ կազմակերպուած պայքարի յառաջատարն է»: Իր քննադատական ծաւալուն ճառին մէջ, Ալիեւ անարդարօրէն հայերուն վերագրեց` կաշառելու հետեւողական արշաւը, ամբողջ աշխարհի տարածքին, բան մը, որ կ՛իրականացուի ի՛ր իսկ կառավարութեան կողմէ:

 2) Ազրպէյճան կը հետեւի Թուրքիոյ աւելի փորձառու պաշտօնեաներու քայլերուն` Հայաստանի եւ հայկական հարցերու վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու համար հայերուն մեղադրելը: Ցաւօք, Ազրպէյճան նաեւ կը նմանակէ Թուրքիան` իր սեփական քաղաքացիները ճնշելու հարցով, դժուարացնելով որոշել, թէ այս երկու երկիրներէն ո՛ր մէկը աւելի բռնատիրական է:

3) Ընդունելով, որ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատճառով իր դէմքը վարկաբեկուած է Արեւմուտքի մէջ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը վարձած է PR-ի եւ լոպիստական ընկերութիւններ` իր բացասական հեղինակութիւնը մաքրելու համար: Պէտք էր ակնկալել, որ եթէ վարչակարգը այդքան մտահոգ է արտասահմանի մէջ իր վատ համբաւով, ան գէթ իր երկրին մէջ պիտի բարելաւէր մարդկային իրաւունքներու դաշտը, ուստի անհրաժեշտ չէր ըլլար միլիոնաւոր տոլարներ վատնել ամերիկեան ընկերութիւններու վրայ` իր պատկերի մաքրման անհնարին գործը իրականացնելու համար: Ալիեւ, 2013 թուականի իր ելոյթին մէջ, բաղձանքը շփոթելով իրականութեան հետ, Ազրպէյճանը նկարագրեց իբրեւ «ժամանակակից, յառաջադէմ, բաց, հանդուրժողական երկիր»: Ո՞վ կրնայ խաբուիլ նման բացայայտ սուտերով:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ վարձած է տասնեակ PR եւ լոպիստական ընկերութիւններ, սակայն այս պահուս անոր համար կ՛աշխատին նմանօրինակ չորս ընկերութիւններ:

1) Ազրպէյճան ամսական 45 հազար տոլար կը վճարէ Փոտեսթա կրուփ, ինկ.-ի` «[Ազրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ազրպէյճանի]` Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ, գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ.` անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում` Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»:

2) ՍՈԳԱՐ ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅ.-ը (Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան Միացեալ Նահանգներու դուստր ձեռնարկութիւնը) Ռոպերթի Ուայթ ՍՊԸ-ին կը վճարէ 125 հազար տոլար` «[Ազրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ազրպէյճանի]` Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ` գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ. անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում` Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»: Զարմանալի չէ, որ Ռոպերթի Ուայթ-ի կատարած գործառոյթները ՍՈԳԱՐ ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅ-ի համար նոյնն են, ինչ որ Փոտեսթա կրուփ, ինկ.-ինը` Ազրպէյճանի կառավարութեան համար:

3) Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 50 հազար տոլար կը վճարէ BGR Government Affairs ՍՊԸ-ին` «ռազմավարական ուղղորդում եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու համար պետական գործերու եւ PR գործունէութեան առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս է պէտք եղած մօտեցումը` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատար անձերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու եւ այլ անհատներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ»:

4) Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը, 2009 թուականին չորս ամիս ժամկէտով, միանուագ 35 հազար տոլար վճարելով, վարձած է Tool Shed Group ընկերութիւնը, որուն գլխաւոր գրասենեակը նախապէս կը գտնուէր Վուտլենտ Հիլզի մէջ, Քալիֆորնիա, իսկ այժմ` Փարքըրի մէջ, Քոլորատօ: Tool Shed Group-ը ներկայիս նաեւ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր պայմանագիրը կը նորոգուի վեց ամիսը անգամ մը: Tool Shed-ը կը ղեկավարէ Ճէյսըն Քաց` Ամերիկայի հրէական կոմիտէի հասարակայնութեան հետ կապերու նախկին տնօրէնը: Tool Shed «խորհրդատուական ծառայութիւններ կը տրամադրէ հիւպատոսութեան, ներառեալ ճեպազրոյցներու եւ դասախօսութիւններու կազմակերպում, հանդիպումներու դիւրացում` համայնքի անդամներու, ընտրուած եւ նշանակովի պաշտօնեաներու, ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ, ինչպէս նաեւ` «հեղինակային կարծիքներու» շարադրում եւ տարածում»:

Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղ. պատմութիւն եւ փաստեր» խորագիրով գունաւոր գրքոյկ մը տարածեց Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող բոլոր հիւպատոսութիւններուն եւ, հաւանաբար, շատ ուրիշներու: Այս 16 էջնոց քարոզչական նիւթը, լեցուն` Արցախի մասին խեղաթիւրումներով, ամենայն հաւանականութեամբ պատրաստուած էր Ազրպէյճանի եւ անոր հիւպատոսութեան PR-ի եւ լոպիստական ընկերութեան` Tool Shed Group-ի կողմէ: 16-րդ էջի վերջաւորութեան նշուած է` «Հրատարակուած է Ազրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ»: Հետաքրքրական է, որ այս նախադասութեան մէջ նշուած չէ, թէ ո՛վ պատրաստած է գրքոյկը, այլ, պարզապէս, թէ  ո՛վ հրատարակած է զայն…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Արցախի նախագահ. «Արցախի Հանապետութիւնում, բարձր են գնահատում «Ազդակ»-ի աշխատանքը»

Յաջորդը

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային Երգերու Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.