Ցեղասպանութեան Նախազգուշութեան
Համագումար
Ֆրանսացի փաստաբանապետ Ալպեր Պրիւնուա մամուլի ասուլիս մը տուաւ առջի օր` յայտնելու համար, թէ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ արդարութեան նախարարին հովանաւորութեան ներքեւ կը գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը:
Կազմակերպիչ մարմինն է «Ոճրային նախազգուշութեան միջազգային ընկերութիւնը` գործակցութեամբ «Մտային առողջութեան համաշխարհային դաշնակցութեան», «Համաշխարհային իրաւունքի զարգացման ընկերութեան» եւ «Մտային առողջապահութեան ֆրանսական լիկային»:
Բժշկական ակադեմիայի անդամ փրոֆ. Պարիւքի ղեկավարութեան տակ այս համագումարը պիտի համախմբէ` աչքառու իրաւագէտներ, բժիշկներ, փիլիսոփաներ, փաստաբաններ` եկած զանազան երկիրներէ, Գերմանիա, Պելճիքա, Պրազիլ, Սպանիա, Լիբանան, Մեքսիքա, Ռումանիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Լեհաստան, Թունուզ, Եուկոսլաւիա, Մեծն Բրիտանիա, Աւստրիա, Վենեզուելա:
(ԽՄԲ.- Ինչպէս մեր ընթերցողները կը տեսնեն, բացակայ է բուն մասնագէտը):
Փաստաբանապետ Պրիւնուա յայտնեց, որ այս համագումարը որոշուած էր երկու տարի առաջ: Զուտ գիտական համագումար մըն է, այլ խօսքով` առանց որեւէ քաղաքական բնոյթի, բայց վիճաբանութիւնները պիտի չկեդրոնանան միայն պատմութեան եւ իրաւունքի մարզին վրայ: Լայն տեղ պիտի տան նաեւ հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան, որոնց մասին պիտի խօսին ձեռնհաս մասնագէտներ: Ասկէ անկախ, այս աշխատանքները տեսակ մը նախաբանը պիտի ըլլան անոնց, որոնք պիտի սկսին գալ տարի ՄԱԿ-ի մէջ: Արդարեւ, 1968-ը Մարդկային իրաւանց միջազգային տարի հռչակուած է:
Միջազգային երկու բանաձեւեր կը դատապարտեն ցեղասպանութիւնը:
1946 դեկտեմբեր 11-ին ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովին քուէարկած բանաձեւը:
1948 դեկտեմբեր 9-ի Ցեղասպանութեան միջազգային պայմանագրութիւն:
Բայց որպէսզի մարդոց իրաւունքի այս ոճիրը վերջնապէս արմատախիլ ըլլայ, հետազօտութիւնները եւ վիճաբանութիւնները պիտի շարունակուին: Այս համագումարը պիտի ուսումնասիրէ ուրեմն ցեղասպանութեան պատմութիւնը, իրաւունքը եւ ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութեան բարոյախօսութիւնը, ցեղասպանութեան փիլիսոփայութիւնը, ցեղասպանութեան դատական պատիժը:
Վնասակար Բաներ
Ինչպէ՞ս Կը Քննուին
Վիճակացոյցները
Ամավերջ է, ու, ամէն ամավերջերու պէս, տարուան մը ուսումնական հաշուեփակը վիճակացոյցի մը ձեւին տակ կը հասնի տուն:
Տղան կարգը կը կրկնէ, վերաքննելի ունի. կարգը կը փոխէ, յաջողած է:
Թերեւս` քիչ մը յանդիմանութիւն, նեղուածութիւն, ուրախութիւն: Թերեւս նաեւ` ծեծ, կամ` նուէր:
Ու հարցը յաճախ փակուած կը նկատուի:
Ինչո՞ւ վերաքննութեան է մնացեր, ինչո՞ւ է կրկներ, ի՞նչ յաջողութեամբ ապահովեր է կարգափոխութիւնը, խորունկ ուսումնասիրութեան չեն ենթարկուիր:
Մակերեսային հաստատումներ կ՛ըլլան յաճախ, կը մեղադրուի վարժարան կամ ուսուցիչ, կը մեղադրուի դրացիի տղան, կը մեղադրուի նոյնինքն աշակերտը, տկարութիւնը կը վերագրուի բնութեան (է՜հ, ի՛նչ ընել, Աստուած այսքան խելք է տուեր. մենք գիտէինք ու կը զգայինք արդէն, որ պիտի կրկնէ): Ու կը մոռցուի ամէն ինչ:
Եթէ աշակերտը լայ իր տկար վիճակացոյցին ի տես, «սիրտը կ՛առնեն» անուշ խօսքերով, իսկ եթէ չէ ազդուած կը պատժեն, որ ազդուի, լայ…
Որպէսզի յաջորդ տարին նոյն վիճակին չմատնուի տղան, կ՛որոշուի վարժարանը փոխել. կ՛որոշուի մասնաւոր ուշադրութիւն ընել, կարգ ու կանոնի մտցնել անոր աշխատանքը:
Յաճախ տրուած որոշումները կը մնան մեռեալ տարր:
Ամառ է. կեանքը նոր պահանջներ ունի. ամարանոց պիտի ելլե՞նք, թէ՞ ոչ. ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս, ո՞ւր: Այս հարցերը ծեծելու ատեն ժամանակ չկայ մտածելու միւսի մասին:
Ամարանոց կ՛ելլենք. այ՛ս փոխադրութիւնն է, ա՛յս հաստատուիլն է, ա՛յս գեղեցիկ բնութեան վայելքն է. ժամանակ կայ տակաւին, միւսի՛ն:
Ամարանոց չենք ելլեր. կը բացատրենք աջին ու ձախին, որ միշտ կ՛ելլէինք, այս տարի մեր չելլելուն պատճառը այսինչն է. սրտնեղութեան մէջ ենք արդէն, որ ամարանոց չենք ելած. ժամանակ կը մնա՞յ միւսին նայելու:
Օր մըն ալ, ամարանոցի մէջ թէ մեր տան, աչքերնիս կը բանանք, որ ժամանակը եկած է. տղան դպրոց պիտի երթայ ու մենք տակաւին բան չենք ըրած:
Ի՞նչ ըրած է այս միջոցին տղան: Հօրը հետ խանութ գացեր է ու եկեր. քիչ մը պտոյտ` ընկերներուն հետ. քնանալը կարեւոր է. երբ ձանձրացած է, առած է գիրքը ձեռքը` կրկնապէս ձանձրանալու համար: Նպատակ չունի այս արձակուրդը: Անհամ: Անօգուտ:
Ամառը տկար տղան վերամուտի սարսափը կ՛ապրի, երբ չէ դասաւորած իր ընելիքը:
Վիճակացոյցի քննութիւնը մոռցուած է շատոնց: Արդէն քննութիւնը եղած էր ձեւական: Պարագայական: Թերեւս չէր ալ եղած: Մաման պահած էր վիճակացոյցը պապայէն: Պապան մոռցած էր զայն պահանջելու: Թերեւս ալ վիճակացոյցը չէր հասած տուն: Մնացած էր դպրոցը: Օր մը կարելի է առնել: Չառնուի ալ` ի՛նչ վնաս: Ըլլալիքը պիտի ըլլայ…
ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ
