Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Այցելեց Ժեզզին Եւ Բացումը Կատարեց Ժիէի Ելեկտրականութեան Նոր Ընկերութեան

July 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Ժեզզին, ուր շեշտեց փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին պատմութեան մէջ փտածութիւնը տեղ չունի` աւելցնելով, որ իրենք կը քաջալերեն իրենց շուրջինները ձերբազատելու անցեալին իրենց գործած փտածութենէն եւ մաքրուելու: «Այդ պատճառով ալ շատ սուղ կը վճարենք Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով: Իսկ որուն որ անցեալը բոլորին ծանօթ է, չի կրնար մեր դիմաց մեծամտութիւն կատարել», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց նաեւ, որ երկրին տնտեսութեան բարգաւաճումը եւ բարեկարգումներն ու արդիականացումը մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ փտածութիւնն ու անոր հետքերը ջնջելու առումով: «Այս շրջագիծին մէջ պէտք է ամէն գնով վաւերացնել նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու օրէնքը», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Պասիլ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին համաձայն, իրենք կարիքը ունին Սայտայի իրենց դաշնակիցներուն քուէներուն 80 առ հարիւրին` աւելցնելով, որ Ժեզզինի շահերը ոեւէ թեկնածուի անձնական շահերէն շատ աւելի բարձր են:

Երէկ երեկոյեան Պասիլ Ժիէի ելեկտրականութեան նոր ընկերութեան բացումը կատարեց: Այս առիթով ան ըսաւ. «Վստահ եմ, որ Ժիէի ընկերութեան կառուցման ծախսերուն իմաստով ոչ ոք պիտի կարենայ բացթողումներ գտնել: Իսկ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւեր վարձելու իմաստով նուազուրդը պէտք է ըլլայ թափանցիկ: Այսօր կը գտնուինք այնպիսի ճշմարտութիւններու դիմաց, որոնց մասին լիբանանցիները պէտք է իմանան: Այս ծրագիրը փաստ մըն է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ներկայացնող նախարարութիւնները կարող են նման ծրագիրներ իրականացնել` վստահելով իրենց կարողութիւններուն, առանց դիմելու միջազգային հաստատութիւններու: Ժիէի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը արագ եւ փոքրածախս ծրագիրի մը վերածուեցաւ, իսկ անոր արդիւնքները բացառիկ պիտի ըլլան»:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք կը գործեն եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու կը նախաձեռնեն, իսկ ոմանք կը խօսին ու կը քարկոծեն, հետեւաբար կարեւոր է, որ լիբանանցիները գիտնան այս երկու տեսակի մարդոց տարբերութիւնը:

«Պէտք է ըսել, թէ Լիբանանի մէջ կան նախարարներ, որոնք ատակ են եւ կը գործեն ի խնդիր լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն: Հանրապետութեան նախագահին անունով կը շնորհաւորենք ուժանիւթի նախարարը եւ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը` իրենց իրագործած այս նուաճումին համար», ընդգծեց Պասիլ:

Նախորդը

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումներն Ու Պետական Ամավարկը Պիտի Վաւերացնենք Յուլիս Ամսուան Ընթացքին»

Յաջորդը

Փորթանթինօ Եւ Ուիլք Թուրքիայէն Ներդրումները Քաշող Բանաձեւը Վաւերացնելու Կոչ Կ՛ուղղեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.