Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թալալ Արսլան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Տեղական, Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները

July 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան նշեց, որ իրենք` իբրեւ կուսակցութիւն, Ռուսիոյ հետ մնայուն կապեր ունեցած են` աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Ռուսիա կը շարունակէ շրջանին մէջ դերակատարութիւն ունենալ:

Արսլան ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Մոսկուայի դերակատարութիւնը կ՛երաշխաւորէ եւ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի ազատութիւնը` անոր վերադարձնելով իր միջազգային հաւասարակշռութիւնը, որ խախտած էր համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներու հրահրումով եւ պատերազմներուն պատճառած աւերով ու քանդումով:

Միւս կողմէ, Արսլան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը օր առաջ Արսալի մէջ բանակին իրագործած զինուորական յատուկ գործողութիւնը` զայն նկատելով հերոսական գործողութիւն մը:

Արսլան բանակն ու պաշտպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ բանակին հրամանատարը շնորհաւորեց իրագործուած ապահովական նուաճումին համար:

«Բոլորս կը զօրակցինք բանակին եւ անոր դերակատարութեան, որ ի գործ կը դրուի պաշտպանելու համար ներքին լիբանանեան կայունութիւնը` Դիմադրութեան հետ համադրաբար եւ գործակցաբար: Այս գործակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի կը դառնայ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը պահպանել շրջանին հրդեհներուն հետեւանքներէն», ըսաւ Արսլան:

Իր կարգին, Զասիփքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին իրագործումները հպարտալի են` նշելով, որ իրենք համոզուած են, թէ այդ ուղեգիծը պիտի շարունակուի` արմատականօրէն մաքրագործելու համար ահաբեկչութիւնը:

Զասիփքին հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը մէկտեղէ բոլոր պետութիւններն ու ուժերը, որովհետեւ բոլորին նպատակն է անոր վերջ դնել:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Պաղեստինը Պիտի Մնայ Մեր Կողմնացոյցը, Նոյնիսկ Եթէ Այդ Կեցուածքը Ամբաստանութիւն Ըլլայ»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Բանակը Ձախողեցուցած Է Լիբանանի Կայունութիւնը Թիրախ Դարձնող Ահաբեկչական Ծրագիր Մը»

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.