Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Պընթ Ժպէյլի Դ. Փառատօնին

June 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆատլալլա. «Մենք Պարտական Կը Զգանք Պատերազմի Օրերուն Մեզի Զօրակցող Դաշնակից Ուժերուն»

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պընթ Ժպէյլի քաղաքապետութիւնը մեկնարկը կատարեց Պընթ Ժպէյլի Դ. փառատօնին:

Պընթ Ժպէյլի փառատօնի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Հասան Ֆատլալլա:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի մեկնարկը կազմակերպողներուն` իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին առիթով, ապա նշեց, որ ինք կը զգայ, թէ տարիներէ ի վեր նոյն դրացնութեամբ կը բնակի` նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մէջ արձանագրուած համակեցութիւնը:

«Ինծի համար հպարտութիւն է ձեր հաւատարիմ բարեկամը ըլլալ եւ բաժնել ձեր ուղեգիծը», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ թէեւ առիթը զբօսաշրջական է, սակայն այն վայրը, ուր կը գտնուին, Դիմադրութիւն վկայած հող է, նահատակութիւն վկայած եւ ազատագրուած հող: Հետեւաբար անիկա  սուրբ հող է, որուն դիմաց պէտք է խոնարհիլ` հայրենիքի փրկութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակին:

«Ես հպարտ եմ Պընթ Ժպէյլի մէջ խօսք արտասանելուս համար` նկատի ունենալով, որ այդ հողին վրայ խօսքեր արտասանած են պետական մեծ անձնաւորութիւններ, ինչպէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունեմ Լիբանանի ազատագրումին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան համար նահատակուած իւրաքանչիւր հերոսի յիշատակը», նշեց ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ քաղաքականութիւնը, քաղաքակրթութիւնը եւ ուրախութիւնը կը վայելէ իրենց, որովհետեւ անձնազոհութեան, նահատակութեան, Դիմադրութեան եւ յաղթանակի իմաստը գիտցող ժողովուրդն է, որ կերտած է լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանած երկրին տարածութիւնը` պահպանելով հարաւային Լիբանանի սահմանները:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հարաւային Լիբանանի բնակչութեան մնայուն նեցուկը պիտի դառնայ, պիտի զօրակցի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքներուն` ապահովելով անոնց շահերը:

Նախարար Կիտանեան հարաւային Լիբանանին յաւելեալ բարգաւաճում մաղթեց եւ մեկնարկը կատարեց Պընթ Ժպէյլի զբօսաշրջական Դ. փառատօնին:

Ալի Պեզզի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին` Դիմադրութեան մայրաքաղաք Պընթ Ժպէյլի փառատօները հովանաւորելուն համար:

Իր կարգին, Հասան Ֆատլալլա շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին Պընթ Ժպէյլ կատարած անոր այցելութեան համար` հաստատելով, որ նախարարը կը ներկայացնէ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ Հըզպալլայի դաշնակից քաղաքական ուժ է եւ դժուար պայմաններուն ընթացքին Դիմադրութեան նեցուկ կանգնած է: Ան շեշտեց, որ իրենք պարտական կը զգան բոլոր անոնց  հանդէպ, որոնք պատերազմի օրերուն Հըզպալլային զօրակցած են` աւելցնելով, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան անոնց նկատմամբ:

Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան նախարար Կիտանեանին եւ երեսփոխաններ Պեզզիին ու Ֆատլալլային:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Համբերութիւնը Արժանիք Է, Իսկ Վստահելիութիւնը` Հետեւողականութիւն»

Յաջորդը

Պըրրի Ընդգծեց Աշխատավարձերու Յաւելումները Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.