Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Իրավիճակի Սրումը Համանախագահ Երկիրներուն Նետուած Հերթական Մարտահրաւէրն Է»

June 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը  տարածած է յայտարարութիւն մը ուրբաթ եւ շաբաթ Արցախի մէջ  հակառակորդին կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն վերաբերեալ:

«Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ  իրականացուած զինադադարի կոպտագոյն խախտումներուն պատճառով զոհուած զինուորներու հարազատներուն եւ  ծառայակիցներուն:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ դատապարտեցին զինադադարի խախտումները` մատնանշելով, որ Ազրպէյճանն է առաջին կրակ բացողը: Ազրպէյճանը այսպիսի սադրանքներով կ՛արձագանգէ այդ հասցէական յայտարարութեան` ցոյց տալով իր ամբողջ արհամարհանքը:

«Պաքուի համանախագահներու այցելութեան նախաշեմին, առանց միջազգային պարտաւորութիւններու համապատասխան ծանուցման լայնածաւալ ռազմափորձերու կազմակերպումը, 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու շարունակական խախտումները, իրավիճակի սրման ուղղուած նոր քայլերը, Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ միջազգային հանրութեան, նախ եւ առաջ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն նետուած հերթական մարտահրաւէրն է, որուն համարժէք արձագանգի բացակայութիւնը կրնայ ընկալուիլ Ազրպէյճանի կողմէ իբրեւ նոր արկածախնդրութիւններու խրախուսում:

«Ակնյայտ է, որ Պաքուն, չկրնալով խաղաղ լուծման հոլովոյթը տանիլ իր նախընտրած ուղիով, կը փորձէ առաւելութեան հասնելու պատրանք ստեղծել առաջնագիծին մէջ, ինչ որ նոյնպէս դատապարտուած է ձախողման, եւ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով, նախ եւ առաջ իրավիճակի լարումը նախաձեռնող կողմին համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ 20-Ամեայ Զինուոր Մը Եւս` Զոհուած. Չորս Նահատակները Յետմահու Պարգեւատրուեցան «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաքու Կը Կրակէ ԵԱՀԿ-ի Ուղղութեամբ. Հասցէականէն Դէպի Պատժելիութիւն Անցումի Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.