Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան. «Արցախի Վերաբերող Հարցերուն Նկատմամբ Հայկական Քաղաքական Ուժերը Միասնականութեամբ Հանդէս Կու Գան»

June 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 յունիսին ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի մէջ սկսած Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երրորդ ֆորումի բացման արարողութեան եւ արտասանած ողջոյնի խօսք մը` ողջունելով Արցախի տագնապին գծով քաղաքական ուժերուն դրսեւորած միացեալ կեցուածքը:

«Քաղաքական նման համաժողովները լաւ հարթակ են հայոց պետականաշինութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, համաշխարհային ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր քննարկելու եւ անոնց առնչութեամբ աւելի խոր պատկերացում կազմելու», իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան: Ան ընդգծած է, որ հայկական քաղաքական դաշտը ներկայացնող կուսակցութիւններն ու ուժերը հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական պահերուն կրնան միաւորուիլ  եւ միասնական ուժերով պաշտպանել ժողովուրդին ու պետութեան շահերը` նման օրինակները նկատելով հայոց պետականութեան կենսունակութեան հիմքերէն: «Քաղաքական ուժերը նման միասնականութիւն դրսեւորած են յատկապէս Արցախի ներկային եւ ապագային առնչուած հարցերուն մէջ: Մեծապէս համոզուած եմ, որ այն իրականութիւնը, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ հզօր, ժողովրդավարական պետութիւն, որ միշտ ի վիճակի պիտի ըլլայ ապահովելու իր անվտանգութիւնը, հիմնարար սկզբունք է հայկական բոլոր քաղաքական ուժերուն համար», իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան:

Միեւնոյն նիստին խօսք առած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է վերոնշեալ ֆորումին: Ան նման համախմբում մը կարեւոր նկատած է թէ՛ միջկուսակցական, եւ թէ՛ միջպետական ու համազգային խնդիրներ քննարկելու համար: «Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները` իբրեւ կազմակերպութիւններ, կը գտնուին քաղաքական եւ ընտրական տարբեր տարածքներու մէջ, սակայն անոնք հայակեդրոն եւ հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալեն միեւնոյն` հայկական տարածքին մէջ: Անոնք ունին իրարու շատ մօտ քաղաքական ծրագիրներ, քաղաքական նպատակներ, որոնք կը բխին երկու պետութիւն ունեցող մէկ ժողովուրդի առաջնահերթութիւններէն, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն», շեշտած է ան: Արա Բաբլոյեանի համաձայն, հայկական կուսակցութիւնները ունին հարուստ քաղաքական դրամագլուխ, որ կրնայ արդիւնաւէտօրէն օգտագործուիլ այդ նպատակներուն հասնելու համար:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Արցախի հարցին` իբրեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն մէկը, որ իր ուրոյն տեղը ունի Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն ծրագիրներուն մէջ: «Համապետական բոլոր ընտրութիւններուն իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ անոնք առանձին բաժին կը յատկացնեն Արցախի հարցին, Արցախի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն, պատրաստ են նպաստելու տնտեսական զարգացման, պաշտպանելու անոր անվտանգութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Հայաստանեան քաղաքական ուժերը Արցախի կուսակցութիւններուն յուսալի գործընկերներն են եւ պատրաստ են իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնելու` անոնց քաղաքական փորձառութիւնը աւելցնելու, տեղեկատուական շտեմարանն ու միջազգային կապերը ընդլայնելու», դիտել տուած է ան:

 

Նախորդը

Արա Բաբլոյեան Սահմանագիծ Այցելեց

Յաջորդը

Խորհրդակցութիւն` Նուիրուած Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Նախապատրաստութեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.