Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեան Մեկնաբանած Է Պոլիս – Պաքու Օդանաւային Թռիչքի Արցախի Օդային Տարածքէն Անցնելու Լուրերը

June 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան օդային տարածքով կամ անոր շատ մօտ կը կատարուին շարք մը միջազգային թռիչքներ. չի բացառուիր, որ Արցախի օդային տարածքէն անցած ըլլան նաեւ Թուրքիայէն կատարուող թռիչքներ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած լուրերը այն մասին, թէ «Flightradar24.com» կայքին տուեալներով, 12 յունիսին Պոլիսէն Պաքու թռչող «Թըրքիշ Էրլայնզ» ընկերութեան «Էրպաս Ա321-231» օդանաւը անցած է Արցախի օդային տարածքէն: «Չի բացառուիր, որ ատիկա ապատեղեկատուութիւն ըլլայ: Բայց ըսեմ, որ Արցախի օդային տարածքով կամ անոր շատ մօտ կը կատարուին շարք մը միջազգային թռիչքներ: Եւ չի բացառուիր, որ Պոլիսէն եւս թռիչքներ ըլլան: Օրինակ, Երեւանէն Լիբանան, Փարիզ, Երեւանէն Գերմանիա, Աւստրիա եւ այլն, բոլոր թռիչքները կը կատարուին Թուրքիոյ տարածքով: Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք չէ ասիկա շահարկենք: Ի վերջոյ, եթէ նոյնիսկ Արցախի տարածքով Պոլիսէն Պաքու թռիչք տեղի ունեցած է, մենք Ազրպէյճան չենք, որ ահաբեկչական գործողութիւններով զբաղինք: Ատիկա Ազրպէյճանի, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան, «Քաիտա»-ի ոճն է: Եթէ նոյնիսկ տեսականօրէն նման թռիչք տեղի ունենայ, մեզի համար խնդիր չէ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Արցախը բնական, քաղաքակիրթ երկիր է»,- ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Պաքուն այլ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններուն կոչ ուղղած է շրջանցելու Արցախի օդային տարածքը, քանի որ անիկա վտանգաւոր է, Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ անոնք կեղծ եւ շինծու կոչեր են:

«Եթէ թրքական օդանաւը իսկապէս անցած է  Արցախի օդային տարածքը, ատիկա փաստ է, որ անոնք կեղծ կոչեր են: Իրենք բան մը կ՛ըսեն, սակայն այլ բան կ՛ընեն: Եթէ վտանգաւոր է Արցախի օդային տարածքը, ինչո՞ւ իրենք այդ տարածքէն կ՛անցնին», նշեց Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը: Ան աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ եւ դատապարտէ  Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան մակարդակով հնչող սպառնալիքները Ստեփանակերտի օդակայանէն թռիչք կատարող  օդանաւերը խոցելու մասին:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Էսթոնիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սվեն Միքսերը

Յաջորդը

Մանոյեան. «Նախիջեւանի Ռազմափորձերը Որոշ Չափով Ուղերձ Են Հայաստանին Եւ Իրանին»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.