Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան Լաքոթրիփիսի Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

June 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կիպրոսի զբօսաշրջութեան, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Եորկոս Լաքոթրիփիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն վերաբերող:

Հանդիպումէն ետք Լաքոթրիփիս շեշտեց, որ նախարար Կիտանեանի հետ քննարկած է զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցերն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Լաքոթրիփիս յարմար նկատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու իմաստով զբօսաշրջական փաթեթներ պատրաստուին` զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով:

Լաքոթրիփիս հաստատեց, որ Ա. Կիտանեանի հետ քննարկած է ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանցի գործարարներուն ներդրումներ կատարելու Կիպրոսի մէջ:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Կիպրոսի նախագահին Լիբանան այցելութեան ծիրին մէջ կատարուած այս հանդիպումը եղած է առիթ մը քննարկելու զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Կիպրոսի ունեցած փորձառութիւնը` տրուած ըլլալով, որ անոր երկիրը տարեկան դրութեամբ 2-3 միլիոն զբօսաշրջիկ կը դիմաւորէ, ինչ որ մեծ թիւ է Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող փոքր տարածութիւն ունեցող Կիպրոսին համար:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը բարելաւելու համար` աւելցնելով, որ Լաքոթրիփիս յայտնած է, թէ պետական պիւտճէին մէջ նիւթական բացեր ունեցող Կիպրոս այսօր իր զբօսաշրջութեան մարզին շնորհիւ սկսած է շահեր ապահովել եւ բարգաւաճիլ:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի գործակցի եւ համաձայնագիրներ պիտի ստորագրէ Կիպրոսի հետ գործակցող կարգ մը երկիրներու ընկերութիւններուն հետ, որոնց շարքին են Ռուսիան եւ Բրիտանիան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Կիպրոսի մէջ շուկայադրող ընկերութիւնները կրնան զբօսաշրջութեան իրենց մարզը ընդարձակել, եւ այդ քայլէն կ՛օգտուի նաեւ Լիբանան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լաքոթրիփիսի ներկայութեան հանդիպում մը կատարուած է ներդրողներու հետ, որոնք կը միտին Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ զբօսաշրջական ծովային ճամբայ մը սկսիլ եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Քասուլիտեսի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Կիպրական Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Կիպրոսի Նախագահը Շարունակեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.