Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յունիս 1967)

June 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանթինահայ Կեանք

 Օրինակելի Նուիրատուութիւն Մը 

Աւետիս Տէրտէրեան Իր Ամբողջ Հարստութիւնը Կը Կտակէ Պուէնոս Այրեսի Հայկական Երեք Դպրոցներուն

Արժանթինահայ ութսունհինգամեայ վեհանձն ու ազգասէր Աւետիս Տէրտէրեան գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է իր ամբողջ հարստութիւնը կտակելու Պուէնոս Այրեսի հայկական երեք դպրոցներու` «Խրիմեան», «Արսլանեան» եւ «Մխիթարեան»:

Ա. Տէրտէրեան դժբախտութիւնը ունեցած էր անցեալ տարի կորսնցնելու իր կողակիցը` ազնուահոգի տիկին Աշխէնը, որ եղած էր իր տասնեակ տարիներու կեանքի պայքարի ընկերուհին: Անոր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, պր. Տէրտէրեան իր արդէն ձեւակերպած եւ օրինականացուցած կտակէն զատ, որոշած է իր տիկնոջ անունով կնքել Խրիմեան Կրթական հիմնարկութեան «Սէֆէրեան» նախակրթարանի դասարաններէն մէկը, որուն համար տրամադրած է կէս միլիոն փեսօ:

Այս գումարի յանձնումի արարողութեան ներկայ եղած են փաստաբան տոքթ. Պաութիսթա Գույումճեան եւ Խրիմեան Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ներկայացուցիչները:

Վարչութեան նախագահ Ա. Սարգիսեան, Խրիմեան Կրթական հիմնարկութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք ուղղած է յարգելի նուիրատուին` յատկապէս շեշտելով պր. Ա. Տէրտէրեանի արարքին բարոյական նշանակութիւնը արժանթինահայ գաղութին համար: «Կը մաղթեմ, որ ձեր այս գեղեցիկ ժեսթը օրինակ ծառայէ ուրիշներուն», վերջացուցած է իր խօսքը ընկ. Սարգիսեան:

Տոքթ. Գույումճեան իր կարգին, նկատի առնելով կտակի եւ նուէրի բարոյական արժէքը եւ ազգասիրական բնոյթը, հրաժարած է ստանալ իր իրաւունք վարձատրութիւնը:

Տէր Եւ Տիկին Ընկ. Արտաշէս Սարգիսեանի Նուիրատուութիւնը

Տէր եւ տիկին ընկ. Արտաշէս Սարգիսեան, 50,000 փեսօ նուիրած են Խրիմեան Կրթական հիմնարկութեան` քոյր եւ եղբայր Նուրիցա եւ Պօղոս Սվաճեաններու Արժանթին այցելութեան առիթով:

 

Երուսաղէմի Մէջ, Սուրբ Վայրերը Վնասուեցան

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ (ՌԷՕԹԷՐ).- Յորդանանէն հասած առաջին տեղեկագիրներուն համաձայն, կը թուի, թէ իսրայէլեան Նափալմ ռումբերը Երուսաղէմի մէջ վնասած են Սուրբ վայրերուն եւ քանդած քաղաքին գլխաւոր հիւանդանոցը:

Սիոնական հրասայլեր, կ՛ըսեն տեղեկագիրները, քանդած են Ալ-Աքսա մզկիթին մուտքը եւ հին քաղաքին մէկ դուռը, զոր խաչակիրները շինած էին:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ռումբ մը քանդած է Ալ-Սախրա մզկիթին գմբէթը: Այս մզկիթը իսլամութեան երեք կարեւորագոյն սուրբ վայրերէն մէկն է:

Ըստ նոյն տեղեկագիրներուն, սիոնական հրետանին ռմբակոծած է Սուրբ Եկատերինէ եկեղեցին, որ շինուած է Կոյս Մարիամի ծննդեան վայրին վրայ:

Բացի այդ, թշնամի օդուժը նափալմով ռմբակոծած է Աւկուսրա Վիքթորիա հիւանդանոցը, որ կը գտնուի Ձիթենեաց լերան վրայ:

Քաղաքին պանդոկներէն մէկուն մէջ ապաստանած, մամուլի թղթակիցներ հետեւած են ճակատամարտին:

Լրագրողները կը խորհին, թէ սուրբ վայրերը հրաշքով փրկուած են ամբողջական քանդումէ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ականներու Պէյրութը Եւ Շրջակայքը – Բ.

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.