Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ սկսած «Նորուէյ Չես-2017» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` 58-րդ շարժումին:
Բ. հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցի (սեւ քարերով) ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի դէմ, որ Ա. հանգրուանին յաղթեց հոլանտացի Անիշ Կիրիին:
Նշենք, որ նախքան այս գլխաւոր մրցաշարքին սկսիլը, կատարուեցաւ Պլից-մրցաշարքը, որուն ընթացքին Արոնեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ան արձանագրեց 3 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն եւ իր միակ պարտութիւնը կրեց նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընէն:



