Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Սահմանամերձ Բնակավայրերու Հարցերու Լուծումը Առաջնահերթ Է»

June 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի, Բերդի եւ Իջեւանի շրջաններ:

Հանրապետութեան նախագահի աշխատանքային այցելութիւնը սկսած է Կողբի զօրամասէն, ուր հանդիպում ունեցած է սահմանամերձ համայնքներու մէջ համակարգման ենթակայ հարցերու լուծման նպատակով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի  անդամներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Տաւուշի մարզպետը եւ Նոյեմբերեանի սահմանամերձ շարք մը համայնքներու ղեկավարներ: Յանձնախումբի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ յանձնախումբի անդամները նախագահին զեկուցած են յանձնախումբին կողմէ կատարուած եւ տակաւին  ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներու, գոյքագրուած խնդիրներու եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին սկիզբը ըսած է, որ միշտ կարեւոր նկատած է աշխատանքը շրջաններուն մէջ, ինչ որ  կարելիութիւն կու տայ անմիջականօրէն ծանօթանալու հարցերուն եւ լուծումներ գտնելու` ընդգծելով, որ բոլոր կարելի միջոցներով կառավարութիւնը պիտի աջակցի, ամուր թիկունք պիտի ապահովէ հողին վրայ պինդ կանգնողներուն` համայնք առ համայնք, ընտանիք առ ընտանիք:

«Մեր հանրապետութեան բոլոր բնակավայրերուն մէջ խնդիրներ կան, եւ ակնյայտ է, որ անոնցմէ շատերը միանման են: Անոնք նոյնաձեւ լուծումներ կը պահանջեն, բայց հիմնական խնդիրներէն մէկը մեր սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ եղած հարցերուն լուծումն է, որովհետեւ այդ խնդիրներուն վրայ կը գումարուին մշտապէս տեղի ունեցող հրադադարի խախտումները, որոնք մէկ կողմէ լարուածութիւն կը ստեղծեն, միւս կողմէ` յաւելեալ վնասներ կը պատճառեն մեզի: Այսինքն` յաւելեալ աշխատանքի անհրաժեշտութիւն կայ», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահին համաձայն, պէտք է արդարացնել ակնկալիքները այն մարդոց, որոնք մնացած են հայրենիքի մէջ` ակնկալիքով, որ իրավիճակը պիտի փոխուի, եւ իշխանութիւնները շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի աշխատին:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումի մասնակիցներուն հետ նաեւ շրջագայած է զօրամասին մէջ, ծանօթացած մարտական պատրաստակամութեան, զրուցած է զինուորներուն հետ եւ նուէրներով խրախուսած զանոնք:

Աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ Կողբ համայնքին մէջ ներկայ գտնուած է  «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին կողմէ  հանրապետութեան մարզերուն մէջ հիմնուող հերթական` «Թումօ Կողբ» կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութեան:

Ծրագիրի պատասխանատուներուն հաստատումով, նորաբաց «Թումօ» կեդրոն պիտի յաճախէ շուրջ հազար ուսանող Կողբէն, Նոյեմբերեանէն, Բերդաւանէն եւ շրջակայ այլ բնակավայրերէ: Կեդրոնին մէջ պիտի իրականացուի «Թումօ»-ի հիմնական կրթական ծրագիրը: Կը նախատեսուի նաեւ կեդրոնին մէջ կազմակերպել «Թումօ»-ի եւ  պաշտպանութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ իրականացուող «Թումօ-բանակ» նախագիծը` ներգրաւելով մօտակայ շրջանները գտնուող զօրամասի զինուորները:

Նախագահ Սարգսեան զրուցած է Կողբ համայնքի բնակիչներուն եւ ծրագիրի հովանաւորներուն հետ: Նախագահը այնուհետեւ այցելած է Կողբի հիմնական դպրոցին մէջ գործող «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարան, ծանօթացած է աշակերտներուն:

Նախորդը

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Միայն Բանակցութիւններու Միջոցով Կը Լուծուի»

Յաջորդը

Նիւքասըլի Նախկին Միջնապահը Մահացաւ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.