Չինական Պէյցզին Էնթերփրայս Կրուպի միջնապահ Շէյք Թիոթէ խումբին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին ուշքը կորսնցնելով գետին ինկած է:
30 տարեկան միջնապահը հիւանդանոց տեղափոխուելու ընթացքին մահացած է, յայտարարեց անոր խմբակից Տեմպա Պա:
Նախապէս ան մաս կազմած է Նիւքասըլի, Թվենթէի, Անտըրլեխթի եւ այլ ակումբներու: