Շաբաթ գիշեր Իտալիոյ Թուրին քաղաքին մէջ 1500 անձեր վիրաւորուեցան, երբ պայթուցիկ մը խուճապ յառաջացնելով հրմշտուքի պատճառ դարձաւ:
Քաղաքի ֆութպոլի խումբին` Եուվենթուսի հազարաւոր համակիրներ կը հետեւէին Քարտիֆի մէջ Ռէալ Մատրիտի դէմ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական մրցումին, երբ պայթումի մը ձայնը լսուեցաւ, ականի մը պայթումին շուրջ տարաձայնութիւն տարածուեցաւ եւ մրցումին աւարտէն 10 վայրկեան առաջ մարդիկ խուճապահար փախուստի դիմեցին «Փիացա Սան Քարլօ» կեդրոնէն` իրենց ետին ձգելով կօշիկներ, պայուսակներ եւ այլ անձնական իրեր:



