Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթ օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ վարչապետարանին մէջ իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռաքքայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ գործողութիւնը սկսաւ ուրբաթ, 2 յունիսի արշալոյսին` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ գործողութեան շղթայազերծումէն առաջ Անգարային տրամադրած են անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
«Մենք չենք զօրակցիր Ուաշինկթընի` Ռաքքայի արշաւին ձեռնարկման ձեւին», ընդգծեց ան` նշելով, որ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ յայտնած է, որ այդ գործողութիւնը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն վստահիլը «կամաւոր չէ եղած, այլ` առարկայական պայմաններու հիմամբ»:
Ուաշինկթըն «մեզի յայտնեց, որ քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ուժերուն հետ իր գործակցութիւնը պարզապէս զինուորական մարտավարութիւն մըն է, որ երկար պիտի չտեւէ: Անոնց տրամադրուած զէնքերը մեր հողերուն մէջ գործող այդ ուժերու անդամներուն չփոխանցուելուն վերաբերեալ մեզի անհրաժեշտ երաշխիքները տուին», աւելցուց Եըլտըրըմ:
Ան շեշտեց, որ Անգարայի ռազմավարութիւնը «չի փոխուիր, այն է` պիտի չտատամսինք հարուածելու ահաբեկչական որեւէ խմբաւորում, որ մեր ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կը վտանգէ, այդ կազմակերպութիւնը մեր սահմաններուն մէջ ըլլայ, թէ անոնցմէ դուրս»:



