Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան Հանդիպումները Եւրոպայի Ընկերվարականներուն Հետ

June 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինք խմբակցութեան եւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ`  Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակցութեան ղեկավարներուն հետ. կը մասնակցէին խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փոխնախագահ Վիքթոր Պոշթինարուն (Ռումանիա), Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ խմբակցութեան համակարգող Քնութ Ֆլեքընշթայնը (Գերմանիա) եւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Սերկէյ Սթանիշեւը (Պուլկարիա): Եւրոպացիներուն ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումներուն մասին ՀՅԴ-ի գնահատականները եւ կեցուածքները. միասնաբար որոշումներ տրուեցան երկու խմբակցութիւններուն միջեւ 6 յուլիս 2016-ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին հիման վրայ յառաջիկայ քայլերուն մասին:

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեան միջազգային հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիաքոմօ Ֆիլիպեքի հետ: Արծարծուեցան երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ շրջանին մէջ միացեալ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւնները:

1992-ին հիմնուած Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւնը (ԵԸԿ) կը համախմբէ եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ: Եւրոպական Միութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ շրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ: ԵԸԿ-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ` յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ  անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ԵԸԿ-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր` 28 անդամ պետութիւններէն ընտրուած երեսփոխաններ, ընդհանուր` 190 երեսփոխան, կազմելով Եւրոպական խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը` Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինքը:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեանը Ընդունած Է Գերմանական Զարգացման Դրամատան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Շիրակի Մարզպետի Պաշտօնին Յովսէփ Սիմոնեանին Պիտի Փոխարինէ Արթուր Խաչատրեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.