Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու Ներկայացուցիչներուն Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

June 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարը  կազմակերպող յանձնախումբի պատուիրակութեան:

Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները կը ներկայացնեն լիբանանեան այն ընկերութիւնները, որոնք անցեալ շաբթուան ընթացքին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ կազմակերպած էին  համագումար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զբօսաշրջական 150 ընկերութիւններ ու հաստատութիւններ` նպատակ ունենալով դէպի Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական պտոյտները աշխուժացնել, որպէսզի երկիրը վերադառնայ համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէս:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ համագումարին մասնակցող հաստատութիւններուն թիւը, ինչպէս նաեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն թիւը մեծ էր, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ Լիբանան պիտի ունենայ աշխուժ ամառ մը: Պատուիրակութիւնը գնահատեց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած կարգաւորուած իրավիճակը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհաւորեց պատուիրակութիւնը` բարձր գնահատելով նախարար Կիտանեանի ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները` ամրան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու եւ աշխուժացնելու իմաստով:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ծրագրաւորումն ու զբօսաշրջական մարզի տարբեր միաւորներուն միջեւ գործակցութիւնը ըլլան զբօսաշրջական ծրագիրները իրագործելու մնայուն ընտրանքները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը իր ուշադրութեան առարկան է` հաստատելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի գումարած նիստին ան ապահովական կառոյցներէն խնդրած է գործակցիլ` յաջողցնելու համար զբօսաշրջութեան մարզը:

Սայտայի 2017-ի Միջազգային Փառատօնի Մեկնարկ

Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին մէջ, նախարար Կիտանեան` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Սայտայի նահանգապետ Մանսուր Տաուի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, Սայտայի քաղաքապետ Ահմետ Սէուտիի եւ Սայտայի միջազգային փառատօնի նախագահ Նատին Քաայիի, մեկնարկը կատարեց 2017-ի Սայտայի միջազգային փառատօնին:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էր նաեւ դաշնակահար Կի Մանուկեան:

Նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ նախարարի իր պաշտօնը սկսած է Սայտայէն` աւելցնելով, որ անիկա յաջող սկիզբ մը եղած է, եւ իր այցելութիւնը դրական արդիւնքներ ունեցած է:

«Իսկ ՄԱԿ-ի օրացոյցին հիման վրայ այսօր Զբօսաշրջութեան միջազգային օրն է եւ պէտք է կեդրոնանալ զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու ջանքերուն վրայ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ կան հիմնական չորս մարզեր, որոնք են ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերը: «Երբ զբօսաշրջութիւնը բարգաւաճի եւ յառաջդիմէ, ապա տնտեսական կացութիւնը պիտի բարելաւուի եւ ժողովուրդը պիտի հանգստանայ, իսկ տնտեսական կացութեան բարելաւումով ընկերային կացութիւնը շատ աւելի լաւ պիտի դառնայ եւ քաղաքացին պիտի մղէ քաղաքական տարակարծութիւններով չզբաղելու», աւելցուց ան:

Նախարար Կիտանեան գնահատեց Կի Մանուկեանի արուեստը` շեշտելով, որ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարին ընթացքին անոր ներկայացումը տպաւորած է ներկաները, որոնք ընկերային ցանցերուն վրայ շատ դրական գրառումներ կատարած են:

Ապա Քաային ներկայացուց Սայտայի 2017-ի միջազգային փառատօնին յայտագիրը:

 

 

Նախորդը

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Պեքաայի Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Ձախողած Է, Իսկ Տիրող Ապահովական Թոյլ Վիճակը Խիստ Մերժելի Է» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Յաջորդը

Նախկին Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 30-ամեակին Առիթով Արձանագրուած Կեցուածքներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.