Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Գերմանիոյ Դէմ Կիրարկուած Շանթաժը

May 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ անընդունելի նկատած է Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ դէմ կիրարկուած շանթաժը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան ըսած է գերմանական «Նէօ Օսնապրիւքըր» պարբերականին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Խօսելով այն մասին, որ պաշտօնական Անգարան չէր արտօնած գերմանացի երեսփոխաններուն այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն, Կապրիէլ ըսած է. «Յոյսով եմ, որ թրքական կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն փոխէ իր միտքը, հակառակ պարագային Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանը անկասկած այլեւս իր զինուորները պիտի չձգէ Թուրքիոյ մէջ»:

Յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ քաղաքացիները անհիմն պատճառներով բանտ կ՛ուղարկուին, անոնց կ՛արգիլուի լքել Թուրքիոյ տարածքը, Կապրիէլ յայտարարած է, որ հիմա ալ Գերմանիոյ խորհրդարանին կատարուող շանթաժը անընդունելի սահմաններու հասած է:

Միւս կողմէ, գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Պունտըսթակի երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններ` Կանաչներու եւ Ձախերու կուսակցութիւնները, ներկայացուցած են միացեալ առաջարկ մը, որով կը յորդորեն Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմայականէն անմիջապէս ետ քաշել գերմանացի զինուորները:

«Գերմանական բանակը խորհրդարանի բանակն է, եւ խորհրդարանականը պէտք է ամէն պահու զայն վերահսկէ: Այդ պատճառով գերմանական բանակը պէտք է անմիջապէս ետ քաշուի Ինճիրլիքի ռազմակայանէն», կ՛ըսուի երկու կուսակցութիւններուն ներկայացուցած առաջարկին մէջ:

Խնդիրին առնչութեամբ իր տեսակէտը յայտնած է Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր, որ ընդգծած է, թէ Պունտըսթակի երեսփոխաններուն այցելութիւնը արգիլելը «ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու ծիրին մէջ վստահութեան կորուստ կը նկատուի»: «Դաշնակցային կառավարութիւնը շատ երկար հետեւեցաւ, թէ նախագահ Էրտողան ինչպէ՛ս մեր զինուորները վերածած է արտաքին քաղաքականութեան գործիքի», ըսած է ան:

Իշխող Ըներվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Քրիստոնեայ –  ժողովրդավարական միութեան շարք մը երեսփոխաններ եւս ցանկութիւն յայտնած են գերմանացի զինուորները ետ կանչելու Ինճիրլիքէն:

 

Նախորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թրամփի Նախընտրական Գրասենեակը Քարոզարշաւի Ընթացքին 18 Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Ռուսական Կողմին Հետ

Յաջորդը

Ի Պատասխան Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութեան. Զախարովա. «Ռուսիան Կասկածելի Խորհուրդներու Կարիք Չունի»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.