Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. 2016-Ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտներու Գնահատումի Երեկոյ

May 13, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու 2016-ի միջնակարգի պրէօվէի քննութիւններուն բարձր նիշեր ապահոված աշակերտներուն գնահատումի երեկոյ մը:

                  Թալին Մարտիրոսեան                                         Բալիկ Պալապանեան

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի  քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Բալիկ Պալապանեան, որ ըսաւ. «Պարգեւատրուող աշակերտները իրենց տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կրցան արձանագրել գերազանց արդիւնքներ պրէօվէի պետական քննութիւններուն: Անոնք պէտք է արժանանան բոլորիս յատուկ ուշադրութեան եւ քաջալերանքին»: Ան աւելցուց, որ «ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կարեւորագոյն գործունէութիւններէն է հայապահպանումը, որ կ՛իրագործուի հայ աշակերտին հայկական վարժարան յաճախումով, ստանալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ ուսում, տիրապետելով հայոց լեզուին եւ հայոց պատմութեան»:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին  նուագով ելոյթ ունեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Սագօ Եագուպեան (շուի) եւ Արամ Տաղլեան (տհոլ), իսկ Համաստեղի «Հայու ոգին» քերթուածը ասմունքեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղէն Նարօտ Սէրուժեան եւ «Հայաստան» մասնաճիւղէն Արզնի Արսլանեան:

Օրուան պատգամաբերն էր Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան: Ողջունելով ներկաները` ան ըսաւ,  որ «աշակերտ, դպրոց, ուսուցիչ եւ ծնողք քառեակին արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ միայն կարելի է հասնիլ ակադեմական գերազանցութեան»` աւելցնելով, որ «հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները մրցունակ են եւ լաւագոյն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն Լիբանանի պետական քննութիւններուն ու համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն»:

Մարտիրոսեան նաեւ ըսաւ, որ «հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ կարգ մը գործօններ կը նպաստեն ակադեմական գերազանցութեան ձեռքբերման, ինչպէս` աշակերտներուն համոզումները իրենց կարողութիւններուն մասին, դպրոցի պատկանելիութեան զգացումը, ապագայի հեռանկարները եւ ինքնաղեկավարման հմտութիւնները»:

Ձեռնարկի աւարտին պարգեւատրուեցան 64 փայլուն աշակերտներ Լիբանանի հայկական զանազան վարժարաններէն, անոնք ստացան վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ զանազան գիրքեր` իբրեւ նուէր  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

 

Նախորդը

«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Հանրութեան Ներկայացուց «Խնձորի Բուրմունքը» Թատերախաղը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Թրամփի Դրած Վերջակէտը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.