Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Հանրութեան Ներկայացուց «Խնձորի Բուրմունքը» Թատերախաղը

May 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ «Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վաչէ Ատրունի:

Թատերախաղին նիւթը առնուած է իրական կեանքէ եւ կը խօսի Այնճարի ու այնճարցիներուն մասին: Հոն կը տեսնենք պայքար սերունդներուն միջեւ, որոնք անտարբեր են իրենց պապենական ինչքին կամ հողին նկատմամբ, որ կը կազմէ համայնքի կեանքին ամբողջութիւնը, եւ զայն կ՛ուզեն նիւթականի վերածել, որպէսզի կարենան իրենց օրուան պահանջները հոգալ: Թատերախաղին մէջ կայ նաեւ սիրոյ նիւթը, այս պարագային` օտար աղջկայ մը հետ, որ Այնճարի բարքերուն եւ սովորութիւններուն հակառակ է, հօր լքուածութիւն, սփիւռքահայերու պարագային անընդհատ տեղաշարժ նիւթական կամ տնտեսական դժուարութիւններով, եւ այս բոլորը կը շեշտուին այնճարեան պատմութեան ընդմէջէն: Նիւթը ժամանակագրական է այն առումով, որ հոն տեղի ունեցած դէպքերը եւ իրադարձութիւնները կարելի է տեսնել բոլոր ժամանակներուն:

Բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի կրցած էր իր շուրջ համախմբել հմուտ, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ դերասանական կազմ մը, որ ինչպէս բոլոր թատերախաղերուն մէջ, «Խնձորի բուրմունքը» ներկայացման մէջ եւս, բեմադրիչին հսկողութեան ներքեւ, կրցաւ թափանցել հանդիսատեսին հոգիին մէջ եւ իր գնահատելի խաղարկութեամբ հանդիսատեսը կրցաւ փոխադրել հոն, ուր դէպքը կը պատահի, այս պարագային` Այնճար, զգալու եւ ապրելու համար այդ վայրկեանները, որ ինք` դերասանը ապրեցաւ:

«Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Զոհրապ Նալպանտեան, Պեթի Սարգիսեան, Տիրան Սարգիսեան, Հրակ Մկրտիչեան,  Սթեֆանի Ղուկասեան եւ Գէորգ Նալպանտեան:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այսօր` շաբաթ, 13 (կալա), վաղը` կիրակի, 14 մայիսին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 19, շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 մայիսին,  երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախորդը

Հարցազրոյց Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ Վարդգէս Մահտեսեանին Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. 2016-Ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտներու Գնահատումի Երեկոյ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.