Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Պատմաբանին Հրապարակած Փաստաթուղթը. «Իրենց Տուները Հայեր Թաքցնողները Կախաղան Պիտի Հանուին»

May 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ բացայայտած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ աղմկայարոյց արխիւային նոր փաստաթուղթ մը, որ հրապարակուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ:

Թաներ Աքչամի ներկայացուցած արխիւային փաստաթուղթը գրուած է թրքական բանակի հրամանատարներէն Մահմուտ Քեամիլ փաշային կողմէ եւ կը կրէ երկրի ներքին գործոց նախարարութեան կնիքը:

24 յուլիս 1915-ին գրուած հեռագիրը քննուած է 1919-1921-ին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան պարագլուխներու` Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւններուն ընթացքին: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան կոտորածներուն վերաբերեալ դատին մեղադրական թղթապանակներուն մէջ տեղ գտած այս հեռագիրով, Մահմուտ Քեամիլ փաշան զգուշացում մը կը յղէ Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, թէ իրենց տուներուն մէջ հայեր թաքցնող մահմետականները նոյնպէս պիտի պատժուին:

Հայերուն օգնող մահմետականներուն իրենց տան դիմաց կախաղանով սպառնացող Մահմուտ փաշան կը պահանջէ նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն` ուշադիր հետեւիլ իրավիճակին:

Հեռագիրին ամբողջական թարգմանութիւնը` ստորեւ.

«Մենք պարզած ենք, որ որոշ գիւղերու եւ աւաններու մէջ մահմետականները կը թաքցնեն հայերը: Կառավարութեան որոշումներուն դէմ կանգնելով` իրենց տուներուն մէջ հայեր պահողներուն տուները պէտք է աւերել, իսկ զիրենք` կախաղան բարձրացնել` իրենց իսկ տան դիմաց: Կատարեցէ՛ք կարգադրութիւնները, եւ տեղահանութեան դատապարտուած նոյնիսկ մէկ հայ տեղը չմնալու խնդիրը անմիջապէս որ կատարուի` տեղեկացուցէ՛ք մեզի: Կրօնափոխուելով մահմետականացած հայերը նոյնպէս պէտք է տեղահան ըլլան: Եթէ զանոնք պատսպարողները զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ են, ապա զինուորական ծառայութեան հետ անոնց կապերը պիտի խզուին, իսկ եթէ ղեկավար պաշտօնի զինուորականներ են` պիտի զրկուին պաշտօնէ եւ պիտի կանգնին զինուորական դատարանի առջեւ»:

Օսմաներէնով գրուած այս հեռագիրը տառադարձուած է նաեւ հայատառ թրքերէնով:

Մահմուտ փաշա այս նիւթին վերաբերեալ հեռագիր մը յղած է նաեւ աւելի ուշ` նոյն թուականի 1 օգոստոսին, եւ որոշ յաւելումներ կատարած է նախորդ հրամանին մէջ:

Երկրորդ հեռագիրին մէջ հրամանատարը կ՛ընդգծէ, որ այս կարգադրութիւնը պէտք չէ վերաբերի պետութեան անմիջական հսկողութեամբ մահմետական ընտանիքներուն բաժնուած հայ կիներն ու որբերը իրենց տուները պահողներուն: Նամակին վերջաւորութեան Մահմուտ Քեամիլ փաշա կ՛աւելցնէ. «Ո՛ր կրօնէն կամ ազգէն ալ ըլլան, հայերը թաքցնողները պէ՛տք է մահապատիժի արժանանան»:

Նշենք, որ վերջերս պատմաբան Թաներ Աքչամ այլ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան անդամներուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ: Անիկա 4 յուլիս 1915-ին յղուած է Էլազիկի (Խարբերդ) նահանգապետ Սապիտ պէյին` Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Էլազիկի ներկայացուցիչ Նազըմ պէյին յանձնելու խնդրանքով: Հեռագիրին մէջ հարցում յղուած է տարածքէն տեղահան եղող հայերուն մասին. «Այդ վնասակար տարրերը միայն կը տեղահանուի՞ն, թէ՞ նաեւ կ՛ոչնչացուին® Կը խնդրենք, որ բացայայտօրէն տեղեկացնէք մեզ, եղբա՛յր», կ՛ըսուի երիտթուրք պաշտօնեաներէն` Պահաէտտին Շաքիրի կողմէ գրուած այս նամակին մէջ:

Նախորդը

Ազրպէյճանցի Զինուորներու Միջեւ Հրաձգութիւն` Արցախի Սահմանին Մօտ

Յաջորդը

Մոկերինիի Բանբերին Յայտարարութիւնը Երեւանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակի Փակման Մասին

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.