Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴՐԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՃՈՆ ՀԵՖԸՐՆ

October 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Ճոն Հեֆըրն

Երկուշաբթի երեկոյեան լրագրողներուն համար կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ յոյսով են եւ Հայաստանի հետ միասին պիտի աշխատին այն ուղղութեամբ, որ 2012 եւ 2013 թուականներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները դառնան մինչեւ հիմա եղածներուն մէջ լաւագոյնները եւ ամբողջութեամբ համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն գծով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը նոյն օրը իրեն հետ ունեցած է հանդիպում, որուն ընթացքին Հեֆըրն իր հաւատարմագիրները  յանձնած է Հայաստանի նախագահին:

«Մենք շատ լաւ հանդիպում ունեցանք, իսկ քիչ մը աւելի կանուխ ես ուրիշ լաւ հանդիպում մը ունեցած էի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Ան աւելցուց, որ իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են հայ – ամերիկեան գործընկերութեան խորացման հեռանկարները երեք հիմնական ուղղութիւններով. անոնք են` շրջանային համագործակցութիւնը եւ համարկումը, առեւտրական երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ ներդրումներու միջոցով տնտեսական համագործակցութեան խորացումը,  միացեալ աշխատանքը հայաստանեան  յառաջիկայ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ:

Հեֆըրն տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պիտի ժամանեն Հայաստան: Յայտնենք, որ երէկ Հայաստան ժամանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` սպառազինութիւններու վերահսկման, հաւաստագրման եւ համապատասխանութեան հարցերով  օգնական Ռուզ Կոթեմիոլըրը, իսկ այսօր երկկողմանի խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով Երեւան պիտի այցելէ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ երկու պաշտօնեան` արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզը:

Հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ իր առաջին հանդիպման ընթացքին դեսպան Ճոն Հեֆըրն պատասխանեց նաեւ քանի մը հարցումներու: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ  ինչպէ՞ս պիտի գնահատէիք ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանը, նոր նշանակուած դեսպանը, վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը, նշեց, որ այդ խնդիրին լուծումը կը տեսնէ միայն խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին շրջագիծին մէջ:

«Այս հարցով արդէն եղած են եւ յառաջիկային ալ կը սպասուին նոր հանդիպումներ», ըսաւ դեսպանը` ընդգծելով, որ անոնց ընթացքին պիտի շարունակեն աջակցիլ Մինսքի հոլովոյթին:

Պատասխանելով Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութեան առնչուող հարցումի մը` դեսպան Հեֆըրն նշեց, որ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախորդ դեսպան Մարի Եովանովիչէն տեղեկացած է, որ վերջին 6 ամիսներուն ընթացքին այս առումով երկրին մէջ կարեւոր յառաջընթաց  արձանագրուած է: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ դրական զարգացումները պիտի շարունակուին:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպանը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ամէն ձեւով աջակցելու այդ հոլովոյթին:

Պատասխանելով տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցումին` Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր զրոյցներուն ընթացքին բաւական երկար քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները:

«Մենք համաձայնեցանք, որ երկու կառավարութիւնները ընելիք ունին պիզնըսի լաւագոյն միջավայրը ստեղծելու առումով: Առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզին մէջ առանցքային է երկու երկիրներուն մէջ սեփական մարզի ներկայացուցիչներու հետ սերտօրէն աշխատելու անհրաժեշտութիւնը` վերջիններուս համար ներդրումներ կատարելը կարելի դարձնելու նպատակով», ըսաւ Հեֆըրն:

Նշենք, որ Ճոն Հեֆըրն մինչեւ վերջերս ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան փոխղեկավարն էր, իսկ մինչ այդ ան եղած է Ճաքարթայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան փոխղեկավար եւ քաղաքական հարցերով արտաքին գործոց նախարարի գործադիր օգնական:

 

Նախորդը

ԱՐՄԷՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Յաջորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐՈՒԱԾ Է ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.