Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ` Արցախի Մէջ

April 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 ապրիլին` Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին օրը, կանուխ առաւօտէն հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճրագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Յուշահամալիր այցելած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պետական այրեր եւ հիւրեր, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ բարեխօսական Սրբոց նահատակաց եւ ոգեկոչման կարգ:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած տարբեր նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ արցախեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ:

Ստեփանակերտի Մէջ` Աւանդական Ջահերթ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ ապրիլ 23-ին տեղի ունեցած է աւանդական ջահերթ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին:

Ջահերթին մասնակիցները Ստեփանակերտի Ս.  Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող:

Ճամբուն վրայ ջահերթին մասնակիցները հրկիզած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական դրօշները, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած են դատապարտող պաստառներ` «Հայ զինուորը կանխեց նոր ցեղասպանութիւնը», «Թուրքը մարդասպան է, ազերին` ոճրագործ» վերտառութեամբ, եւ վանկարկեցին` «Ճանաչում», «Հատուցում»:

Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ ցուցադրուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող տեսանիւթ, որմէ ետք խօսք առած է Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

«Այսօր Սիտնիի, Օթթաուայի, Թեհրանի, Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի այլ քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն: Հայրենիքը կորսնցուցածներու սերունդները այսօր պահանջատէր են: Ի տարբերութիւն սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն` մենք կ՛ապրինք մեր հայրենիքին մէջ եւ 1991-1992 թուականներուն մենք կերտեցինք մեր պետականութիւնը` ի դէմս Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն: Արցախեան պահանջատիրութիւնը փրկեց արեւելահայութիւնը նոր ցեղասպանութենէ, եւ 2016 թուականին մեր պետականութիւնը պահպանողները նորէն իրենց կամքի ուժով, հերոսութեամբ ու  անձնազոհութեամբ կանխեցին նոր Ցեղասպանութիւն մը եւ ցոյց տուին աշխարհին, որ այլեւս չեն կրնար բնաջնջել հայը, քանի որ այսօր ունինք ե՛ւ պետականութիւն, ե՛ւ բանակ: Մենք կը պահանջենք ճանաչում, հատուցում, արդարութիւն եւ մեր հայրենիքը»,  ըսած է Լ. Յովհաննիսեան:

Ջահերթին մասնակցած են պատգամաւորներ, ուսանողներ, երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ եւ Ստեփանակերտի բնակիչներ:

Նախորդը

Հետեւելով Օպամայի Օրինակին` Թրամփ «Ցեղասպանութեան» Փոխարէն Օգտագործեց «Մեծ Եղեռն»-ը

Յաջորդը

Հայաստանի Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններ Եւ Բազմահազար Հայորդիներ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.