Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով նախագահական աւանդական ուղերձը, որուն մէջ հետեւելով իր նախորդին` Պարաք Օպամայի օրինակին, «ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն օգտագործեց «Մեծ եղեռն» բառակապակցութիւնը:
Թրամփ իր ուղերձին մէջ նշեց. «Այսօր կը յիշենք ու կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք տառապեցան 20-րդ դարու յոռեգոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն` Մեծ եղեռնի ընթացքին: Սկսելով 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ ուղարկուեցան մահուան: Ամերիկայի հայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհին հետ կը սգամ անմեղ կեանքերու կորուստն ու բազմաթիւ ուրիշներու տառապանքները:
«Մինչ մարդկային պատմութեան սեւ էջերուն մասին կը մտածենք, նաեւ կը ճանչնանք հայ ժողովուրդի ամրութիւնը: Անոնցմէ շատեր նոր կեանքի սկսան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անգնահատելի ներդրումներ ունեցան մեր երկրին մէջ` միաժամանակ պահպանելով յիշատակները պատմական հայրենիքին, ուր անոնց նախնիները հիմնած են հին աշխարհի մեծագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը: Մենք պէտք է յիշենք վայրագութիւնները, որպէսզի չարտօնենք անոնց կրկնութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք ցաւալի պատմութիւնը ընդունելու թուրքերուն եւ հայերուն ջանքերը, որոնք կարեւոր քայլեր են աւելի արդար եւ հանդուրժող ապագայի հիմքեր կառուցելու ճամբուն վրայ»:
Սպիտակ տան բանբեր Շոն Սփայսըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախագահ Թրամփ չէ օգտագործած «ցեղասպանութիւն» եզրը` նշեց, որ կատարուած յայտարարութիւնը հետեւողութեամբ էր նախկին վարչակազմերու կատարած յայտարարութիւններուն:
«Կատարուած յայտարարութիւնը հետեւողական է: Նախկին քանի մը վարչակազմեր օգտագործած են այդ լեզուն: Եթէ ետ նայիք եւ քննէք այն լեզուն, որ կ՛օգտագործէին նախագահներ Օպաման ու Պուշը եւ անոնցմէ առաջ ալ, ապա նախագահին օգտագործած լեզուն հետեւողական է», նշեց Սպիտակ տան բանբերը:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան իր կարգին նշեց. «Նախագահ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ յիշատակելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն որոշած է կիրարկել Անգարայի` «բերանը փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարենալով 24 ապրիլին պատշաճօրէն յարգել զոհերու յիշատակը` Թրամփ փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` մեծամիտ ու մենատիրական բռնապետ մը, որ հրապարակաւ կ՛ոլորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ձեռքերը` ստիպելով լռել ի տես միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններուն»:



