Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Թրամփ Իր Առաջին Ելոյթով Շարունակեց Միացեալ Նահանգներուն Որդեգրած Գիծը»

April 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եթէ նկատի առնենք համաշխարհային այն արձագանգը, որ «Տը Փրոմիս» («Խոստումը») ժապաւէնին գծով արդէն կը լսուի, կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ ձայնը առանձնապէս չի լսուիր», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով Էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին` ան նշեց, որ անիկա ամբողջ հայութեան չէր ուղղուած, այլ` Թուրքիոյ հայութեան, ուր նոյնպէս Թուրքիոյ կողմնակալ կեցուածքը դրսեւորուած է: «Պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը արդէն չունեցող, բայց Թուրքիոյ պետութեան կողմէ այդ պաշտօնը տակաւին շարունակող Արամ Աթեշեանին մասին ուղերձի վերջաւորութեան ալ ան նշած էր, որ հայոց պատրիարքական ընտրութիւններուն յաջողութիւն կը մաղթէ Աթեշեանին. այդ ուղերձէն յստակօրէն կ՛երեւի, որ Աթեշեան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թեկնածուն է», շեշտեց Մանոյեան:

Անոր համաձայն, միջազգային ոչ մէկ լրատուամիջոց կը խօսի, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հայերուն տեսակէտն է, այլ նոյնինքն իրենք են, որոնք կը խօսին Ցեղասպանութեան փաստին եւ Թուրքիոյ ժխտումին մասին:

Մանոյեան նշեց, որ բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցած են 24 ապրիլին, իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ պետութիւնները` Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն սկսեալ, մինչեւ Քանատա, Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա եւ Միացեալ Նահանգներ: Մանոյեանին համաձայն, այս բոլոր պետութիւններուն մէջ բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են տուեալ պետութիւններուն գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ` նաեւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:

Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղերձին: Անոր համաձայն, Թրամփ իր առաջին ուղերձով շարունակեց Միացեալ Նահանգներու նոյն գիծը, որ մինչ այդ որդեգրած էր` ամէն ինչ ըսել Ցեղասպանութեան փաստին մասին, բացի «ցեղասպանութիւն» բառէն: Անոր կարծիքով` իրականութեան մէջ շատ անորոշ էր, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Մանոյեան նշեց, որ ինք կարծիք ունէր, թէ Թրամփ կրնար նոյնիսկ ոչինչ ըսել: Մանոյեանի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ելոյթին կարեւոր մասերէն մէկն ալ այն էր, որ ան հայերուն եւ թուրքերուն հաշտութեան կոչ ուղղեց. այդպիսով ցոյց կը տրուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան ինքնամեկուսացման ընդհանուր գիծը, որով կը նշուի, որ իրենք ընելիք մը չունին այստեղ, թէեւ շարք մը պարտաւորութիւններ ունին:

Այսուհանդերձ, Մանոյեան նշեց, որ Թրամփի պարագային դժուար է կանխատեսել, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ ան ո՛չ միայն մեր հարցով, այլ` ընդհանրապէս, հետեւաբար, անոր համաձայն, այս յայտարարութենէն պէտք չէ ենթադրել, թէ վերջ, ան այսքանով պիտի սահմանափակուի, եւ անպայման ասիկա է անոր գիծը:

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան. «Քաղաքակիրթ Աշխարհը Պէտք Չէ Մոռնայ Վաղեմութեաան Ժամկէտ Չունեցող Այս Ոճիրը

Յաջորդը

Հետեւելով Օպամայի Օրինակին` Թրամփ «Ցեղասպանութեան» Փոխարէն Օգտագործեց «Մեծ Եղեռն»-ը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.