Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սահակեան. «Քաղաքակիրթ Աշխարհը Պէտք Չէ Մոռնայ Վաղեմութեաան Ժամկէտ Չունեցող Այս Ոճիրը

April 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով յղած է հետեւեալ ուղերձը:

«1915 թուականի ապրիլ 24-ը դարձաւ մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ արիւնալի էջերէն մէկը: Ապրիլեան այդ օրերուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ սկսաւ  հրէշաւոր ծրագիր մը, որուն նպատակն էր ի սպառ բնաջնջել հայ ժողովուրդը, ոչնչացնել մեր պատմական հայրենիքը, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները:

«Ասիկա մարդկութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որուն զոհ դարձան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, գրեթէ նոյնքան թիւով ալ բռնագաղթեցին իրենց պապենական օճախներէն ու բնօրրանէն, անոնց ունեցուածքը թալանեցին եւ իւրացուցին դահիճները:

«Սակայն հայ ժողովուրդը իր անսասան հաւատքին, տոկունութեան, հայրենիքին նկատմամբ  ունեցած անսահման սիրոյ եւ նուիրուածութեան շնորհիւ կրցաւ դիմակայել այդ սարսափելի արհաւիրքը: Մեր պատմական հայրենիքին փոքր մասին մէջ կրկին խոյացաւ հայոց Եռագոյնը, եւ այսօր ունինք ազատ, անկախ ու ինքնիշխան Մայր Հայաստան եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցները, որոնք ապաստան գտան երկրագունդի տարբեր ծայրերը, կազմաւորեցին հզօր սփիւռք, որ կ’ապրի հայրենիքի հոգերով եւ կը հանդիսանայ մեր պետականութեան կարեւորագոյն յենասիւներէն մէկը:

«Հայ ժողովուրդին յիշողութենէն երբեք չի ջնջուիր Մեծ եղեռնը: Մենք հաստատակամօրէն պիտի շարունակենք պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր ժխտումը դատապարտելու համար:

«Վաղեմութեան ժամկէտ չունեցող այս ոճիրը պէտք չէ մոռնայ նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհը: Մոռացութիւնն ու անտարբերութիւնը այստեղ ինքնին յանցագործութիւն են եւ կը նպաստեն ապագային եւս նոր ոճրագործութիւններու գործադրութեան: Այս պարզ ճշմարտութիւնը բազմիցս ապացուցուած է 20-21-րդ դարերուն, եւ մենք շնորհակալ ենք այն մարդոց եւ պետութիւններուն, որոնք այդ ծանր օրերուն կանգնած են մեր ժողովուրդին կողքին, որոնք այսօր ալ կը սատարեն մեզի` յանուն արդարութեան վերականգնման մեր պայքարին մէջ:

«Ոգեկոչելով սուրբ նահատակներուն յիշատակը, մենք պէտք է քաջ գիտակցինք, որ մեր հայրենիքի պաշտպանունակութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան ամէնէն յուսալի գրաւականը ազատ, ինքնիշխան ու ժողովրդավարական պետականութիւնն է, մարտունակ բանակը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կուռ եռամիասնութիւնը, որոնց ամրապնդման, զարգացման ու զօրացման համար ամէն ինչ պիտի ընենք»:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Արցախեան Հերոսամարտը Վկայութիւնն Է Եւ Ապացոյցը, Որ Մենք Նոր Ցեղասպանութիւն Թոյլ Պիտի Չտանք»

Յաջորդը

Մանոյեան. «Թրամփ Իր Առաջին Ելոյթով Շարունակեց Միացեալ Նահանգներուն Որդեգրած Գիծը»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.