Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ կատարեց ամերիկեան դեսպանատան ընդարձակման ծրագիրի հիմնարկէքը:
Այս առիթով Ռիչըրտ շեշտեց, որ այս ծրագիրին նպատակն է լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը ամրապնդել:
«Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը ընդարձակելու այս ծրագիրը հզօր պատգամ մըն է լիբանանցի ժողովուրդին, թէ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին լիբանանցիներուն եւ վճռակամ են երկու դար տեւած ուղին միասնաբար շարունակելու», ըսաւ Ռիչըրտ:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապագային նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմը դրական տպաւորութիւն ունի` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի, իսկ բարգաւաճումը շարունակուի:



