Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստանալով Այսուհետեւ Ուժգնօրէն Հակադարձել` «Միացեալ Նահանգներ Կարմիր Գիծը Անցան» Կ՛ըսեն Սուրիոյ Դաշնակիցները

April 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժերը երէկ Շհէյրաթ օդակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռակոծման վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ դէմ կատարած յարձակումը վտանգաւոր խախտում մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն մը Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, իրողութիւն մը, որ «անգամ մը եւս կը փաստէ ամերիկեան հաշիւներուն եւ ընտրանքներուն սխալ ըլլալը»:

«Մենք չենք անգիտանար, թէ Ամերիկան հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսարեւմտեան Իրաքի մէջ ի՛նչ կը ձգտի իրագործել: Անոնք պէտք է գիտնան, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլին ու շարժումին ուշադրութեամբ կը հետեւինք, եւ աշխարհագրական այդ տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց փորձը զիրենք կը վերածէ սուրիական գերիշխան հողեր բռնագրաւող ապօրինի ուժերու», կը յայտնեն Սուրիոյ դաշնակից ուժերը:

Անոնք Միացեալ Նահանգներու կատարած հրթիռակոծումը նկատեցին «կարմիր գիծերու անցում մը»` խոստանալով այսուհետեւ ուժգնօրէն  հակադարձել ոեւէ մէկու կողմէ կատարուած որեւէ յարձակումի եւ կարմիր գիծի շրջանցումի, «եւ Ամերիկան լաւ գիտէ հակադարձելու մեր կարողութիւնը»:

«Ռուսիան ու Իրանը Ամերիկային պիտի չարտօնեն տիրել աշխարհին եւ միաբեւեռ համակարգ պարտադրել Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակումի շարունակման ճամբով (…) եւ ուժեղ կերպով ու ամէն գնով պիտի կանգնին Ամերիկայի դիմաց», կ՛ընդգծեն այդ ուժերը` աւելցնելով, որ իրենք ամերիկեան յարձակումին պիտի հակադարձեն` աւելցնելով սուրիական բանակին տրամադրուած աջակցութիւնը:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սեւծովեան նաւատորմիղի «Ծովակալ Կրիկորովիչ» ռազմանաւը ուղարկած է Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր տեղակայուած են ռուսական մարտանաւերը:

Ռուսական պետական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նաւու գործունէութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ «զինուորական կացութեան փոփոխութենէն»: Ռազմանաւը զինուած է թեւաւոր հրթիռներով, հրթիռային պաշտպանութեան համակարգով, թնդանօթով, ականներով եւ կրնայ ուղղաթիռ կրել:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Բանակը Պիտի Չմասնակցի Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հաւանական Նոր Հարուածներուն

Յաջորդը

«Ռուսիան Պէտք Է Դադրի Յամառիլ Սուրիոյ Նախագահի Իշխանութիւնը Պահպանելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.