Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ահաբեկչութեան Դիմակալման, Սուրիացի Գաղթականներու Եւ Ընտրական Օրէնքին Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Քննարկումի Նիւթ

April 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակին հետ մրցակցութեան մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն առաւել եւս թափ առին հրատապ հարցերու լուծման գործնական քայլերու առաջադրանքները:

Արդարեւ, ժամկէտի աւարտի մետասաներորդ պահուն լուծման յանգելու լիբանանեան աւանդական «սովորութեան» համաձայն, վերջին 48 ժամերուն շեշտուեցան հրատապ հարցերու, յատկապէս` ընտրական օրէնքի «Թնճուկ»-ի լուծման տարազները:

Լուծման այս փորձերուն խթան հանդիսացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած կոչը` վաղը կառավարութեան գործունէութեան քննարկման յատկացուելիք խորհրդարանի նիստ գումարելու:

Կարգ մը կողմեր առիթը պատեհ նկատեցին իրենց «ուշացած» լուծման բանաձեւերը ներկայացնելու այս ժողովին, ուր երեսփոխաններ կը պատրաստուին մանրազնին քննութեան ենթարկել կառավարութեանց գործունէութիւնը:

«Թեքնիք» երկարաձգումի վարկածը անխուսափելի նկատելով հանդերձ, պատկան կողմեր հաստատ կը մնան իրենց «երեք ոչ»-երուն վրայ:

Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ նախագահ Միշել Աունի կրկնուող թախանձանքը` մերժելու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման, երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման եւ 1960-ի օրէնքի որդեգրման փորձերը:

Նմանապէս` վարչապետ Սաատ Հարիրի իր եւրոպական շրջապտոյտին ընթացքին նախանձախնդիր էր այս հարցը արծարծելու եւ բացայայտելու իր յստակ տեսակէտը, թէ` յառաջիկայ օրերուն Լիբանան պիտի ունենայ իր ընտրական նոր օրէնքը: Վարչապետ Հարիրի, որ այս օրերուն Պրիւքսէլի մէջ Լիբանանի կեցուածքը պիտի ներկայացնէ, յաճախակիօրէն կրկնեց Լիբանանի անդորրութեան ու կայունութեան ամրապնդման գլխաւոր ազդակներու իրագործումը: Այլ խօսքով` Հարիրի մէկ կողմէ հանգստացնելով ներքին կողմերը, թէ ընտրական նոր օրէնք պիտի որդեգրուի, ան նաեւ յիշեցուց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը ահաբեկչութեան վտանգի դիմակալման եւ սուրիացի գաղթականներու հոսքին յառաջացուցած հետեւանքներու հարթումին գծով: Առ այդ, ան արտաքին առնչակից պատկան կողմերէն պահանջեց 15 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն` հոգալու համար սուրիացի գաղթականներու տարրական կարիքները: Նշենք, որ Հարիրի Պրիւքսէլի մէջ Լիբանանի դեսպանին բնակարանին մէջ, նախարարական սեղմ նիստ մը գումարեց` իրեն ընկերակցող նախարարներուն հետ:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ իր շրջապտոյտին ընթացքին արծարծեց նշեալ հարցերը` արտերկրի լիբանանցիներուն կոչ ուղղելով օգնելու լիբանանեան հայրենիքին եւ այցելելու Լիբանան` նոր թափ ու հեղինակութիւն տալու տեղական մարդուժին:

Պասիլ, որ ընտրական օրէնքին գծով ցարդ հինգ առաջարկներ յղած էր, իր խորհրդակցութիւնները շարունակեց ահաբեկչութեան դիմակալման միջոցառումներուն եւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի կարելիութիւններուն գծով:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

Նշեալ հրատապ հարցերը երէկ նոյնպէս առանցքային նիւթ եղան` պատկան կողմերու խորհրդակցութեանց ընթացքին:

Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Մաարապ, ուր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ քննեց օրուան հրատապ հարցերը, յատկապէս` ընտրական օրէնքին եւ վաղը` հինգշաբթի, խորհրդարանական նիստին արծարծուելիք նիւթերը, ուր կը նախատեսուի, որ առիւծի բաժինը գրաւէ կառավարութեան մշակած 2017-ի պետական ամավարկի պիւտճէն:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի ներկայութեան կայացած այս հանդիպումի աւարտին Քանաան յայտարարեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ համաձայնած են Ազգային ազատ հոսանքի (գլխաւորութեամբ` նախարար Ժըպրան Պասիլի) ներկայացուցած ընտրական օրէնքի բանաձեւին շուրջ:

Միւս կողմէ, կեցուածքները շարունակուեցան երէկ եւս, երկրի հրատապ հիմնահարցերուն գծով:

Փաղանգաւոր ղեկավարներէն նախկին նախարար Էլի Մարոնի խոստացաւ հինգշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստին հաշուետուութեան կանչել ու հարցաքննել կառավարութիւնը «ամէն բանի համար»` ելեկտրականութենէն մինչեւ տուրքերու դրութիւնն ու ընտրական օրէնքը:

Երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ «հասած ենք մահացու յանցանքին, եւ ընտրական օրէնքը ինքզինք կը պարտադրէ, որովհետեւ բոլոր ժամկէտները սպառած ենք»:

Նախարար Միշել Ֆարաոն պահանջեց, որ կառավարութիւնը ձեռք դնէ ընտրական օրէնքի թղթածրարին վրայ` նշելով, որ «Պասիլի օրէնքը» որոշ կողմերէ մերժուեցաւ:

Նախորդը

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Տեսակցեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Յաջորդը

Փորթուգալցի Ֆութպոլիստ Մարքօ Ցմահ Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.