Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ. ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը Խաղաղ Ցոյց Կը Կազմակերպէ Թուրք Ժխտողական Պատմաբանի Դէմ

April 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներ երէկ, երեքշաբթի խաղաղ նստացոյց մը կազմակերպեցին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ` իբրեւ բողոք նշեալ համալսարանին եւ Պէյրութի մէջ թրքական «Եունուս Էմրէ» հիմնարկի արդի Թուրքիոյ մասին կազմակերպած դասախօսութեան դէմ: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էր թուրք պատմագէտ Իլպեր Օրթայլը, որ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան գծով իր ժխտողական եւ հակահայ կեցուածքով ու ապատեղեկատուութեամբ:

Ուսանողները դասախօսութեան մասնակցելով հարցումներ ուղղեցին Թուրքիոյ արիւնալի պատմութեան մասին` դատապարտելով Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան գծով: Անոնք հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ նկարազարդուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայկական բռնագրաւուած հողերը պահանջող լոզունգներ: Անոնք նաեւ ներկաներուն ցրուեցին թրքական ոճիրները վաւերագրող թռուցիկներ, ուր կ՛ըսուէր.

«Այս պատմագէտը զանազան երկիրներու ու ներկայիս Լիբանանի մէջ կազմակերպուած կլոր սեղաններու ընթացքին պարզապէս պատմական իրողութիւնները աղաւաղող, անհիմն եւ անստոյգ տեղեկութիւններ տարածող կեղծարար մըն է, որ կը յաւակնի յայտարարել, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ արդի Թուրքիան հաւատացող են դաւանանքի ազատութեան ու իրաւունքին եւ Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններուն մէջ ապրող փոքրամասնութեանց քաղաքացիական իրաւունքներուն: Սակայն այդ փոքրամասնութիւնները կը վկայեն այս պատմագէտի սուտերն ու յերիւրանքները:

Իբրեւ լիբանանցիներ չէինք ու չենք մոռցած օսմանցիներուն կողմէ լիբանանեան գիւղերու եւ քաղաքներու պաշարումն ու բնակչութեան սովամահութեան մղումը: Իբրեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ մեր յիշողութեան մէջ փորագրուած են ահաւոր ու վայրագ արարքները:

Իսկ յոյները քաջ գիտէին, թէ իրենք անբաղձալի տարրեր էին, աւելի՛ն` իրաւազրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ, որոնք աքսորեցին զիրենք դէպի յունական տարածքներ, ինչ որ հետագային կոչուեցաւ «բնակչութեան փոխանակում»:

Քիւրտերը իրենց կարգին քաջ գիտեն թուրքերու հանդուրժողականութեան աստիճանը, յատկապէս` անցնող դարաշրջանի երեսունական թուականներէն մինչեւ օրս շարունակուող` քիւրտ ժողովուրդին դէմ թրքական օդուժին իւրաքանչիւր ռմբակոծումին առընթեր:

Թուրքերը էի՛ն եւ տակաւին կը շարունակեն բնակչութեան փանթուրանական խտրականութեան առաքելութեամբ դասակարգումը իրենց երկրին մէջ, որ հիմնուած է իրաւազրկուած, բռնագաղթուած եւ խողխողուած քաղաքացիներու դիակներուն վրայ:  Թուրքերը տակաւին կը շարունակեն ատելութիւն, ոխակալութիւն, սուտ քարոզչութիւն տարածել իրենց եւ Անտիոքի ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութեան մասին:

Ալպեր Օրթայլըի նման կողմնակալ պատմագէտներ «արտադրեցին» Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նման ղեկավարներ, որուն վարչակարգը կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ին:

Ու պատահականութիւն չէ, որ թուրք հանդուրժողական, հանրածանօթ գրագէտներ ու մտաւորականներ աքսորուեցան, սպաննուեցան կամ թրքական բանտեր ուղարկուեցան:

Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանը է՛ր եւ պիտի մնա՛յ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի բարեհամբաւ վարկով ծանօթ, անիրաւութեան դէմ հակադրուող, մարդկային հարցերու զօրավիգ կաճառներէն եւ հաստատութիւններէն մէկը: Ու ինչպէս անիկա մեզ վարժեցուցած է` պիտի շարունակէ կազմակերպել կլոր սեղաններ` հրաւիրելով  անաչառ ու անկողմնակալ եւ Թուրքիոյ արիւնալի պատմութեան իրողութիւնները բացայայտելու քաջութիւնն  ու համարձակութիւնը ունեցող պատմագէտներ:

Այսօրուան այս խաղաղ ցոյցը կը միտի մեր քաղաքացի եղբայրներուն եւ ուսանողներուն  յիշեցնել ու իրազեկ դարձնել զանոնք Օսմանեան կայսրութեան անիրաւութեան ու արդի Թուրքիոյ պատմական իրողութիւններու հերքումի անդուլ փորձերուն, որոնք կ՛ողողեն մեր շրջանակները Միջին Արեւելքի մէջ: Նաեւ այս համալսարանին կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ նման կլոր սեղան մը խոտոր կը համեմատի իր դիրքին ու վարկին, իբրեւ քաղաքակիրթ, մտաւորական ու իրաւունքի ռահվիրայ հարթակ»:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Եւրոպական Դատարանին Կ՛առաջարկէ Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ռուսիոյ Դեսպանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.