Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Եւ Ընտրական Օրէնքի Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Նիւթ

April 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանային ապահովական իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ յատկապէս ահաբեկչական արարքներու կանխարգիլման ճիգերու ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ անդորրութեան եւ կայունութեան պահպանումը աւելի քան երբեք առանցքային նիւթ դարձաւ:

Արդարեւ, նախագահ Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց  ապահովական ընդլայնուած նիստի մը` մասնակցութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ ապահովական կառոյցներու նոր նշանակուած պատասխանատուներուն:

Նախքան նիստին բացումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցան: Այս առիթով նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի ցամաքային սահմաններու ապահովութեան ամրապնդման քայլերու վերանայումը:

Ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուներու վերջին նշանակումէն ետք առաջին ամգամ գումարուող այս նիստին քննարկուեցան երկրի ապահովական ընդհանուր իրավիճակն ու ահաբեկչական արարքներու կանխարգիլման միջոցառման կարելիութիւնները:

Խորհրդակցութեանց աւարտին նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ «հակառակ Պէյրութի ապահովական վիճակի հսկողութեան գծով մէկէ աւելի կողմերու դրուատիքին, այսուհանդերձ բաւարար նկատելով պիտի ջանանք առաւել եւս ամրապնդել օդակայանի ապահովական վիճակը` յաւելեալ քննութիւններով եւ խուզարկութիւններու խստացումով»:

Նաեւ` Ընտրական Օրէնքին Գծով

Ապահովութեան կողքին երէկ երկրի քաղաքական շրջանակները զբաղեցնող դրսեւորումներն ու քուլիսային հանդիպումները կեդրոնացան ընտրական օրէնքին վրայ: Արդարեւ, ժամանակի մտահոգութեամբ ընտրական նոր օրէնքի մշակման անկարելիութեան լոյսին տակ կը մնան անբաղձալի, բայց անխուսափելի ընտրանքներ այս հարցին գծով. այդ ընտրանքներն են` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան դարձեալ երկարաձգման, ընտրութիւններու յետաձգման եւ 60-ի օրէնքի որդեգրման հաւանականութիւնները: Իսկ նման ընտրանքներու առնչութեամբ առնչակից կողմերու եւ անոնց ղեկավարներու բացասական կեցուածքը ակնյայտ է ու յաճախ կրկնուած:

Այս առումով Հըզպալլայի պատասխանատուներէն շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ վերահաստատեց Հըզպալլայի ընտրանքը համամասնական օրէնքին վերաբերեալ, որ «կը դրսեւորէ հայրենիքին համապատասխան չափանիշով օրէնքի մը տուեալները»:

Իսկ Ալի Խրէյս այս հարցին լուծումը նկատեց ընտրութիւններու ժամկէտի «թեքնիք երկարաձգման» մէջ, որ կրնայ երկիրը փրկել վտանգաւոր դատարկութեան մատնուելու հաւանականութենէն: Խրէյս ընդգծեց, որ ինք եւ իր կողմնակիցները համամիտ են համամասնական ոչ համայնքային ընտրական որեւէ առաջադրանքի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անկարելի նկատեց որդեգրել «լիբանանցիները ջլատող եւ Լիբանանի այլազանութիւնն ու բաժնեկցութիւնը եւ համակեցութիւնը վանող  ընտրական օրէնք մը»:

 

Նախորդը

Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը Կ՛աւետէ Ելեկտրածին Շարժակներու «Գործէ Արձակումն» Ու Ելեկտրականութեան Սակերու Նուազումը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Երբեմնի Որբանոցին` Ժոմպլաթ Ոճիր Կ՛որակէ Թուրքերուն Կողմէ Հայ Որբերու Թրքացման Փորձը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.