Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօսութեան Ամսուան Նուիրուած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Իհապ Ժամալի Եւ Լիանա Յարութիւնեանի Երաժշտական Երեկոն

March 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ Իհապ Ժամալի (ջութակ) եւ ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի (դաշնակ):

Իհապ Ժամալ ծնած է Պէյրութ: Վեց տարեկանէն սկսած է ջութակ նուագել: Յաճախած է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոց, ուր սկզբնական շրջանին աշակերտած է Անթուան Խալիֆէին, իսկ 2011-էն ետք` Արթիւր Տէր Յովհաննիսեանի: Այժմ կ՛ուսանի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն  երաժշտանոցին մէջ, ուր կը պատրաստէ իր մագիստրոսական թեզը: 2010-ին մասնակցած է «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքին` խլելով առաջին մրցանակը: 2015-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Միջազգային վերածնունդ մրցանք»-ին գրաւած է առաջին դիրքը: Նոյն տարին ան երրորդ դիրքի արժանացած է Հրաչ Վոկտնայեան ջութակի միջազգային մրցանքին: Իհապ Ժամալ մաս կը կազմէ «Դիւան Արեւմուտք-Արեւելք» նուագախումբին, որոնք ելոյթներ ունեցած են զանազան երկիրներու մէջ:

Լիանա Յարութիւնեան ծնած է Երեւան: Սկսած է նուագել վեց տարեկանին: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը: Ան համերգներ տուած է Երեւանի եւ Ռուսիոյ մէջ` ընկերակցութեամբ սենեկային նուագախումբերու: Նուագակցած է հանրածանօթ հայ եւ ռուս մենակատարներու: Ներկայիս կը դասաւանդէ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ:

Երաժշտասէր բազմութեամբ լեցուն սրահին մէջ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Թամար Սնապեան – Սուրճեան ֆրանսերէնով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ Իհապ Ժամալ առաջին արաբ լիբանանցին է, որ կը յաճախէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը եւ իր ներդրումը կ՛ունենայ երկու երկիրներու մշակութային մերձեցման մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս քայլը շարունակուի եւ յառաջիկային կրկնուին նման նախաձեռնութիւններ: Ապա ան հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը:

Դեսպան Մկրտչեան անգլերէնով խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար` հաստատելով, որ անոնք հաճելի ժամեր պիտի անցընեն երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Իհապ Ժամալի հետ, որ ներկայացուցիչն է լիբանանեան երաժշտական արուեստին, սակայն ամուր կապեր ունի Երեւանի հետ, որովհետեւ հոն կ՛ուսանի: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նկատել տուաւ, թէեւ Երեւան նոր, սակայն գործօն անդամ է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ կը պատրաստուի 2018-ին նախաձեռնելու  ֆրանսախօսութեան նուիրուած ամսուան, որ մեծագոյն նախաձեռնութիւնն է ցարդ, եւ առաջին անգամ ըլլալով Երեւան պիտի հիւրընկալէ մեծ թիւով մասնակիցներ:

Այնուհետեւ, Իհապ Ժամալ ջութակի վրայ մեկնաբանեց Տեպիւսիի, Շոսսոնի, Պրամզի, Պազզինի, Խաչատուրեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, որուն մէջէն կ՛արտացոլար Ֆրանսա-Հայաստան մերձեցման քայլի մը գեղեցիկ դրսեւորումը:  Ներկաները իրենց երկարատեւ ծափերով բարձր գնահատեցին Իհապ Ժամալի կատարումը. ան ներկաներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով մեկնաբանեց  Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն երաժշտական կտոր մը:

Ձեռնարկի աւարտին դեսպանը նուէրներ յանձնեց Իհապ Ժամալի եւ Լիանա Յարութիւնեանի:

Նախորդը

Քննարկում` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Լիբանանի Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Գերմանիոյ Դատախազութիւնը Կը Հետաքննէ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Լրտեսական Գործունէութեան Մասին Տեղեկութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.