Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջերկրականեան երկիրներու 2-րդ ախոյեանութեան, 4 մետալի տիրացան Անթալիոյ մէջ, յայտնեց Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կայքը:
Լիբանանի համար արծաթ մետալներ ապահովեցին Պահզատ Քարամ եւ Նաժուա Իսա, իսկ պրոնզ մետալներ` Փաթրիսիա Նըսէյր եւ Միշել Զըմմար:
Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան տասը երկիրներ, որոնց կարգին` Ֆրանսա, Իտալիա, Թունուզ, Պոսնիա եւ Սուրիա:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ֆետերասիոնին նախագահը` Ժորժ Նըսէյր:
Ֆետերասիոնին կայքը յայտնեց, որ Միջերկրականեան երկիրներու 3-րդ ախոյեանութիւնը յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:



