Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ (3)

March 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով, որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ` «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Ինչպէս արդէն գրած էի նախորդ նամակներուս մէջ, առաջին այցելութիւնը կատարեցինք Իշխանաձոր գիւղը, ապա` Միջնաւան, յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական, որ ազատագրուելէ առաջ ծանօթ էր թրքական Զանգելան անունով: Կովսական մօտ 925 բնակիչ (232 ընտանիք) ունեցող համայնք մըն է, որուն կազմին մէջ կը մտնեն նաեւ Դիցմայրի եւ Քարատակ գիւղակները: Դպրոցը ունի աւելի քան 150 աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը` 40:

Կովսական տեղափոխուած են նաեւ 10 սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք բոլորն ալ հողագործութեամբ կը զբաղին: Բացառութիւն են Մուշեղն ու իր կինը, որոնք բժիշկներ են եւ կ՛աշխատին տեղւոյն փոքր հիւանդանոցին մէջ: Մօտ 5 տարի առաջ Կովսականի մէջ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ը 12 բնակարաններ նորոգած էր, որոնցմէ 7-ը յանձնուած էր Գամիշլիէն տեղափոխուած սուրիահայ ընտանիքներու:

Իշխանաձոր եւ Միջնաւան այցելած էինք գլխաւորաբար շինարարական եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն ընթացքին ծանօթանալու եւ համապատասխան ցուցմունքներ տալու համար: Կովսական որոշեցինք այցելել իմ պնդումով եւ ամբողջովին այլ նպատակով: Կ՛ուզէի ծանօթանալ Արցախի ազատագրուած տարածքներուն վրայ տեղաւորուած սուրիահայ ընտանիքներուն եւ անոնց աշխատանքներուն:

Գործընկերս` Էդիկը, որ Արցախի մեր գրասենեակի պատասխանատուն է, առաջարկեց այցելել Կարապետ Հազրոյին, որուն բոլորը կը ճանչնային Կարօ անունով: Կարօն 5 տարի առաջ մերժած էր իր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ Շուէտ արտագաղթելու հնարաւորութիւնը եւ որոշած էր տեղափոխուիլ Արցախ եւ շարունակել իր սիրելի աշխատանքը` հողագործութիւնը: Կարոյին հանդիպեցանք իր առանձնատան դիմաց: Հերկող մեքենաներու մաքրութեամբ զբաղած էր, եւ երբ մեզ տեսաւ, ձգեց ամէն ինչ եւ առաջարկեց սուրճ հիւրասիրել: Երբ հետաքրքրուեցայ իր մասին, Կարօ պատմեց. տարիներ առաջ, երբ որոշած էր Արցախ տեղափոխուիլ, ոչինչ ունէր, ամէն ինչ ձգած էր ետին եւ ընտանիքի միւս անդամներուն հետ Շուէտ արտագաղթելու առիթը անտեսելով` դիմած էր Արցախի իշխանութիւններուն, Կովսականի մէջ բնակարան ստանալու համար:

«Գրպանս դրամ չկար,  տուն ալ չունէի: Ինծի ըսին, որ 6 ամիս յետոյ բնակարանս պատրաստ կ՛ըլլայ: 6 ամիս օթոյիս մէջ ապրեցայ, նոյնիսկ` ձմրան ամենացուրտ օրերուն: Սիրած էի Կովսականը, լաւ հող ունի, գարի, ցորեն, կորեկ ցանելու համար շատ լաւ է: Բնակարան ստացայ ու միաժամանակ սկսայ ցանել: Վարկ ստացայ ու գործս քիչ քիչ մեծցուցի: Մինչ այդ, Շուէտէն միշտ կ՛ըսէին, որ ես խենթ եմ, տրամաբանութիւն չունիմ, պէտք է ձգեմ ամէն ինչ եւ ետեւնէն երթամ: Ականջ չկախեցի, գործի՛ս ետեւէն էի», պատմեց Կարօ` յիշելով իր առաջին դժուար տարիները, եւ անմիջապէս անցաւ ներկային:

«Հիմա հազար հեկտարի վրայ գարի կը ցանեմ ու կը ծախեմ անասուն պահող ընկերութիւններու:  Տունս մեծցուցի, նոր մեքենաներ եւ ճիփ գնեցի: Գործս լաւ է, աշխատանք կայ: Երբեմն Շուէտէն կը զանգեն ու կը բողոքեն կեանքի դժուարութիւններու մասին, անմիջապէս կ՛ըսեմ, որ չմտահոգուին եւ իրենց ալ օգնութիւն կը ղրկեմ… կը զարմանան, բայց հիմա ի՞նչ կրնան ընել այլեւս», շարունակեց ան: «Այս անծայրածիր հողերը կը տեսնէ՞ք, այս հողերը ամբողջութեամբ կարելի է կանաչ դարձնել, ցանել ու հնձել:  Այնքան շատ գործ կայ, որ օրական 24 ժամը արդէն հերիք չէ, չի՛ բաւեր: Ափսո՜ս, որ հարազատներս Շուէտը նախընտրեցին: Միասին այս տարածքները կրնայինք ծաղկեցնել», ըսաւ Կարօ:

Սուրճը խմեցինք ու ցտեսութիւն ըսինք Կարոյին: Վերադարձի ճամբան երկար էր, ու ամբողջ տեւողութեան ականջիս կը հնչէր Կարոյի ափսոսանքով ու յոյսով լեցուն խօսքերը. «Այնքան շատ գործ կայ, որ օրական 24 ժամը արդէն հերիք չէ, չի՛ բաւեր: Ափսոս, որ հարազատներս Շուէտը նախընտրեցին…»:

Գրեցէ՛ք ինծի:
[email protected]

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Հալէպն Ու Իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.