Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1967)

March 22, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն

Ա.

Պէյրութաբնակ ծանօթ ազգային Ռուբէն Մավիսագալեան Ս. Աթոռոյս թանգարանին նուիրեց ֆրանսահայ արուեստագէտ Բիւզանդ Թոփալեանի արժէքաւոր մէկ գործը` 1,000 լիբ. ոսկի արժողութեամբ, Վարդանանց ճակատամարտը եւ անով ի յայտ եկող հայու դիւցազնական եւ հայրենանուէր ոգին խորհրդանշող:

Սոյն գործը միահամուռ գնահատանքի արժանացած էր բոլոր այն արուեստասէրներուն կողմէ, որոնք այցելած էին Թոփալեանի նկարչական ցուցահանդէսին, «Կալըրի Մանուկ»-ի մէջ:

Շնորհակալութի՛ւն նուիրատու Ռուբէն Մավիսագալեանին:

Բ.

Ս. Աթոռոյս մայր տաճարը ճոխացաւ նրբարուեստ թանկագին նոր նուէրով մը` ճաշու արծաթապատ Աւետարանով մը: Նուիրատուն է կիպրաբնակ տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Ալիս Երամեան բարեպաշտ ամոլը իրենց զաւակներուն անունով: Իրենց փափաքին վրայ պէյրութահայ ոսկերիչ Յակոբ Համամճեան պատրաստեց արուեստի ընտիր գործ մը: Աւետարանը զոյգ երեսներով արծաթապատ է եւ զոյգ կեդրոնները` ոսկեզօծ: Առաջին երեսին վրայ կ՛երեւի Փրկչին յարութիւնը եւ շուրջը` չորս աւետարանիչներ. իսկ երկրորդ երեսին վրայ խաչելութիւնը` շրջապատուած չորս հրեշտակներով: Աւետարանին վրայ զետեղուած է հետեւեալ արձանագրութիւնը.- «ՆՈՒԷՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ, ՍՏԵՓԱՆ ԵՒ ՇԱՔԷ ԵՐԱՄԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ, ԿԻՊՐՈՍ 1967»:

Նոյն Աւետարանին յար եւ նման օրինակը, նոյն ամոլին կողմէ, նուիրուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ` հետեւեալ յիշատակութեամբ.- «ՆՈՒԷՐ ՆԻԿՈՍԻՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՊՕՂՈՍ ԵՒ ԱԼԻՍ ԵՐԱՄԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ, 1967»:

Զոյգ աւետարանները արժեցին շուրջ 1.400 լիբ. ոսկի:

Բիւր օրհնութիւններ` եկեղեցասէր ամոլին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

17 մարտ 1967
Անթիլիաս-Լիբանան

 

Համազգայինի Դասախօսութիւնները

Նիւթ`

«Լիբանանեան Թատրոնի
Ներկայ Վիճակը»

Զրուցաբեր` Ժալալ Խուրի

Հինգշաբթի, մարտ 16-ին, Ժալալ Խուրի` դերուսոյց, բեմադրիչ եւ դերասան, խօսեցաւ ֆրանսերէնով, լիբանանեան թատրոնի ներկայ վիճակին մասին, «Համազգային»-ի ակումբին մէջ:

Իր կարճ խօսքով Ժ. Խուրի անդրադարձաւ երկու հիմնական հարցերու: Առաջին` լիբանանեան թատրոնը (բացի հայկական թատրոնէն) ներմուծուած թատրոն մըն է, չի գար ժողովուրդէն, այլ կը հրամցուի անոր իբր եւրոպական աշխարհէն ներմուծուած ճաշակ: Երկրորդ` լիբանանեան թատրոնը կը գտնուի շատ գէշ կացութեան մէջ` գլխաւորաբար ժողովուրդի անտարբերութեան պատճառով: Խուրի առաջարկեց մտածել շահաբեր գետնի վրայ, թատրոնը յանձնել վաճառականներու, որ օգտագործեն զայն իբրեւ շահի աղբիւր: Այս լուծումով, ըսաւ զեկուցաբերը, դերասանը պիտի դառնայ փրոֆեսիոնել եւ պիտի ստիպուի բեմ ելլել հացը շահելու համար, պիտի մրցակցի ուրիշներու հետ եւ պիտի ստեղծէ աւելի լաւը, աւելի գրաւիչը: Իսկ ժողովուրդին պէտք է հրամցնել զայն հետաքրքրող եւ շահագրգռող կտորներ, ինչպէս կ՛ընէ «Շուշու»-ն եւ կը յաջողի 16 ամիս բերնէ բերան լեցնել սրահը, մինչ եւրոպական թատրոնին ներկայ կ՛ըլլան ընդամէնը 2000 հոգի:

Ներկաները հակազդեցին անմիջապէս` առարկելով, որ` Ա.) Թատրոնը ներշնչման աղբիւր է եւ ոչ շահի փնտռտուքի: Բ.) Դերասանը պէտք չէ ըլլայ դրամի գերին եւ հետեւաբար կաշկանդուի պահանջի եւ գոհացման սկզբունքով: Գ.) Թատրոնին դերը ժողովուրդի մտաւորական մակարդակը բարձրացնել է` զայն գոհացնելով միատեղ: Դ.) Արուեստական միջոցները կը սպաննեն ստեղծագործութիւնները, որոնք կու գան կեանքէն:

Կ՛ուզենք եզրակացնել, որ առաջին վայրկեանէն հարցը դրուած էր ծուռ ձեւով եւ լուծում չէր կրնար ունենալ: Երբ զեկուցաբերը կը յայտարարէ, որ լիբանանցին անկարող է ստեղծելու թատրոն հոգեբանական եւ պատմական զանազան պատճառներով, կ՛իյնայ հակասութեան մէջ: Լիբանանցին, ինչպէս որեւէ ժողովուրդ ինչպէս որեւէ հաւաքականութիւն ունի իրեն յատուկ թատերական աշխարհը եւ պահանջը: Պակսողը, մեր պարագային, լիբանանցիի յատուկ արտայայտութիւնը եղող թատերական գործերն են եւ ո՛չ թատրոնին սէրը: Ժալալ Խուրի պէտք է աշխատի լիբանանցի գրողներու մտքերը եւ հոգիները մղել դէպի լիբանանեան ոճով թատերական ստեղծագործութեան: Հարազատն է, որ արուեստի գործ է, կեանքը կը յաղթանակէ, պէտք չէ իյնալ նիւթապաշտութեան եւ բնականաբար, ստեղծագործութեան մերժումի այլեւս հինցած ու մաշած թակարդին մէջ:

Վ. Փ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր.- Լիբանանի Հայօճախը. Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները (1920-2005) (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.