Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ Նշուեցաւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի Անդամակցութեան 25-ամեակը

March 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Եորքի «Լինքոլն» կեդրոնին մէջ 16 մարտին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգը, որուն ներկայ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

«Քառորդ դար առաջ Հայաստան ներառուեցաւ ինքնիշխան պետութիւններու ընտանիքին մէջ: Իրականութիւն դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան բազմաթիւ սերունդներու երազը: Ուրախ եմ այսօր այստեղ տեսնելու մարդիկ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են մեր նորանկախ պետութեան կայացման գործին մէջ», իր ելոյթին մէջ նշած է Էդուարդ Նալբանդեան` շարունակելով. «Դժուար է գերագնահատել այս օրուան նշանակութիւնը: Խօսքը սոսկ անդամակցութեան խորհրդանշական կարեւորութեան մասին չէ, այլ` խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայի տեսլականին, որ կը գտնուի ՄԱԿ-ի հիմքին մէջ, ինչ որ կ՛ոգեշնչէ ընդհանուր ճամբայ անցնիլ` բարելաւելու աշխարհը, որպէսզի զերծ մնայ պատերազմներէ, տագնապներէ եւ բաժանարար գիծերէ: Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանը, ինչպէս մեզմէ առաջ եւ ետք բազմաթիւ երկիրներ, ՄԱԿ-ին միացած է նոյնինքն այս ձգտումներով եւ նպատակներով»:

Հայաստանը, նախարար Նալբանդեանի համաձայն, պետութիւններու ընտանիքին միացաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ լի էր մարտահրաւէրներով, բայց ատիկա ոչ մէկ ձեւով նուազեցուց Հայաստանին վճռականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը` կառուցելու հասարակութիւն` լիովին հաւատարիմ ՄԱԿ-ի նպատակներուն եւ սկզբունքներուն:

«Մենք կ՛առաջնորդուինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ, որ կոչ կ՛ուղղէ միաւորելու` պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, զարգացնելու պետութիւններուն միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները` հիմնուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու սկզբունքներուն վրայ: Այս յանձնառութիւններուն ամբողջական եւ անշեղ իրագործումը բոլոր պետութիւններուն պարտաւորութիւնն է, որ անոնք ստանձնած են իրենց անդամակցութեամբ: Հայաստանը կատարելապէս հաւատարիմ է այս յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ջանքերը», նշած է Նալբանդեան` շեշտելով, որ այս պարտաւորութիւնները ինկած են նաեւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան հիմքին մէջ:

«Նախ եւ առաջ ասիկա կը վերաբերի ՄԱԿ-ի` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման օրակարգին մեր յանձնառութեան: Մենք` իբրեւ Ցեղասպանութեան սարսափին մէջէն անցած ժողովուրդ` կը զգանք բարոյական պարտաւորութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն` բարձրաձայնելու ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման կարեւորութիւնը եւ քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ: Հայաստան նաեւ ուղղակիօրէն իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային խաղաղութեան` մասնակցելով շարք մը խաղաղապահ առաքելութիւններու` Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ: Մենք միացած ենք միջազգային հանրութեան միացեալ ջանքերուն` ուղղուած զանգուածային ոչնչացման զէնքի տարածումի կասեցման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ գաղթականներու հետ կապուած իրավիճակին լուծումներ գտնելուն: Միայն Սուրիայէն շուրջ 22 հազար գաղթականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ` մէկ շունչի հաշուով մեր երկիրը դարձնելով Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ: Մեր պետութիւնը կը ձեռնարկէ առաւելագոյնս` նպաստելու հանդուրժողականութեան եւ միջմշակութային, միջկրօնական երկխօսութեան խթանումին, ցեղապաշտութեան, ատելութեան քարոզի եւ այլատեացութեան դէմ պայքարին», նշած է նախարար Նալբանդեան:

Նալբանդեան լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան ամբողջ խորութիւնը կը չափուի ոչ միայն թիւերով, այլեւ աշխատանքին նկատմամբ ջանասիրութեամբ, անմնացորդ նուիրուածութեամբ եւ յանձնառութեամբ, որ դրսեւորուած է ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի բազմաշերտ գործունէութեան 25 տարիներուն ընթացքին:

«Մեր միացեալ ճամբու յաջորդ փուլի սկզբնաւորութեան կը փափաքիմ վերահաստատել Հայաստանի վճռական աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի համընդգրկուն եւ արդիւնաւէտ առաջնորդութեան, որ միտուած է միջազգային պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները կեանքի կոչելուն եւ ուղղուած է ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջներ կառուցելուն ու բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելուն, բաժանարար գիծերու վերացման, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան յառաջ մղումին», եզրափակած է Նալբանդեան:

 

 

Նախորդը

Հաց Բերողի Մահուան Պատճառները Պարզելու Համար Նշանակուած Է Դատաբժշկական Փորձաքննութիւն. Նստացոյց` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Մինասեան. «Մենաշնորհային Համակարգը Պիտի Կազմաքանդենք»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.