Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Առկախուեցաւ Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով. Աշխատավարձի Յաւելումները Կը Սպասեն Վաւերացումի

March 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ նոյն ընթացքով շարունակեց իր լիագումար նիստը:

Նոյն ընթացքով, այսինքն` քաղաքացիին յաւելեալ տուրքեր պարտադրելով:

Առաւօտեան նիստին խորհրդարանը 25-35 առ հարիւրի միջեւ տարուբերող տուրքեր պարտադրեց ներածուած ոգելից ըմպելիներուն պարագային, ինչպէս նաեւ 250 լ. ոսկիի տուրք` ծխախոտին, իսկ 500 լ. ոսկիի տուրք` սիկարին:

Կէսօրին խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆերիտ Մքարի յայտարարեց նիստին աւարտը եւ յայտնեց, որ լիագումար նիստը պիտի շարունակուի երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը ընթացքին ի դերեւ կ՛ելլեն լիագումար նիստին` երեսփոխաններուն յարուցած հարցերուն պատճառով:

Մքարի մաղթեց, որ երեսփոխանները չեն ուշանար` աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, եւ խնդրեց, որ զինք չմղեն բացայայտելու անունները այն երեսփոխաններուն, որոնք կը մերժեն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել:

Ժամացոյցին սլաքները մօտեցան 5:00-ին եւ սկսան գալարուիլ. 40 վայրկեան թաւալելէ ետք Մքարի յայտնեց, որ նիստը առկախուած է` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

«Խորհրդարանի տարբեր յանձնախումբերուն ճիգերէն եւ լիագումար նիստին կողմէ աշխատավարձի յաւելումներուն ներդրում ու ֆինանսաւորում ապահովելէ ետք, հասանք տարազի մը, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն ձգտումներուն չի համապատասխաներ եւ նախապայմաններ կը պարփակէ, ինչպէս` հսկողութեան խստացում, հաշուետուութիւն: Նաեւ անակնկալի եկանք ժողովրդային կազմակերպուած արշաւով մը, որ անճիշդ թիւերով թիրախ  կը դարձնէ ներդրումները` ստեղծելով խիստ մերժելի կացութիւն մը», ըսաւ ան:

Մքարի աւելցուց, թէ այդ տհաճ իրականութիւնը այն է, որ այս արշաւը կազմակերպուած է որոշ ուժի մը կողմէ, որուն պատասխանատու է Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:

Մքարի ըսաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան արշաւին պատճառով 250 հազար ընտանիք իրենց իրաւունքներէն պիտի զրկուին` մսխումը կասեցնելու պատճառաբանութեամբ, սակայն այդ գծով ոչ մէկ աշխատանք տանելով:

Մքարի անդրադարձաւ Ժեմայէլի եւ ընդհանրապէս Փաղանգաւոր կուսակցութեան «բեմադրած թատրոնին»` շեշտելով, որ կարգ մը ընկերային ցանցերու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած տուրքերը, ինչպէս` մէկ կապ արաբական հացի, պենզինի եւ մազութի թիթեղի սակերուն եւ ինքնաշարժի մեքանիզմը ստուգելու հոլովոյթին վերաբերող գոյութիւն չունին:

«Ոմանք չեն փափաքիր վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը փորձեն վերագրել երեսփոխաններուն, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ: Իրականութիւնը այն է, որ մենք իբրեւ երեսփոխաններ եւ կառավարութիւն շատ աւելի կը մտածենք քաղաքացիներուն մասին, քան` քաղաքացիական ընկերութիւնները», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի փոխնախագահը շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան յաւելումները վաւերացնելու յանձնառութեան` հաստատելով, որ ո՛վ որ ժողովուրդին բազկերակը կը ներկայացնէ, անճիշդ տուրքեր շրջանառութեան մէջ չի դներ:

Ապա վարչապետ Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ իրենք յաւելեալ տուրքեր պարտադրած են յաւելումները կարենալ ֆինանսաւորելու համար: Ան 16 մարտին պատահածը` ընկերային ցանցերու միջոցով սուտերու տարածումը, նկատեց ամօթալի դէպք մը, շեշտելով, որ օրէնքին դիմաց բոլորը հաշուետու են:

Վարչապետը ընդգծեց, որ այդ անճիշդ տուրքերուն աղբիւրները պիտի ստուգուին եւ, ըստ օրէնքի, պատասխանատուները պիտի պատժուին, նոյնիսկ եթէ կարիքը զգացուի երեսփոխան մը անձեռնմխելիութենէ զրկելու:

«Մենք կառչած կը մնանք աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու: Իսկ եթէ անցեալին ես վերապահ էի այս գծով, այսօր աւելի քան համոզուած եմ եւ համամիտ», ընդգծեց Հարիրի:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ 22 տուրքերուն շարքը գաղտնի չէ, այլ կը գտնուի բոլոր կայքերուն վրայ` ընդգծելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ոչ մէկ կապ ունի այդ անճիշդ տուրքերուն մասին լուրերու տարածման հետ:

Ժեմայէլ հարց տուաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը չորս երեսփոխանով ինչպէ՞ս կրնայ խորհրդարանի լիագումար նիստին օրինաթիւը հարուածել:

Ան վերահաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը պահանջէ մսխումն ու փտածութիւնը կասեցնել` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ իրենք կը մերժեն սահմանափակ նիւթական մուտք ունեցող քաղաքացիին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել` նշելով, որ հաւանաբար խաբեբայութեան արշաւին ետին կը կանգնին ընկերութիւններու եւ դրամատուներու քարոզչական մեքենաները, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ անոնց վրայ արդար տուրքեր կը պարտադրուին:

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի վաւերացուին` աւելցնելով, որ Հարիրի եւ անոր զօրակցող քաղաքական կողմերը յանձնառու են այդ պատասխանատուութեան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իրենք լուսարձակի տակ առած են այն, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացման համաձայն են, պայմանով որ այդ յաւելումները ֆինանսաւորուին, եւ մսխումին վերջ դրուի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք ժամանակաւոր կերպով պիտի առկախեն յաւելումներուն վաւերացման զօրակցելու իրենց կեցուածքը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այդ յաւելումներուն ներդրումներ ապահովել:

ՆՇԵՆՔ, որ աւելի ուշ խորհրդարանի փոխնախագահ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փափաքի յառաջիկայ չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր խորհրդարանը հրաւիրել լիագումար նիստի մը` վաւերացնելու համար աշխատավարձի յաւելումները:

Մքարի նշեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի ճշդուի վարչապետ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին հիման վրայ, նկատի ունենալով, որ ան միօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Եգիպտոս:

ՀԱՐԿ է աւելցնել նաեւ, որ Պէյրութի մէջ քաղաքացիական ընկերութեան հետեւորդներ ինքնաբուխ նստացոյցեր կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, իսկ Թրիփոլիի մէջ Նուր հրապարակին վրայ` մերժելով քաղաքացիին պարտադրուած տուրքերը:

Քաղաքացիական ընկերութեան թեւերէն «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Ժողովուրդը կը փափաքի բարեկարգել համակարգը» խմբաւորումները երեկոյեան ժամը 9:30-ին լքեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակը` խոստանալով այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին դարձեալ բողոքի նստացոյցով մը վերադառնալ հրապարակ:

Նախորդը

Վատիկանի Մէջ . «Պիտի Այցելեմ Լիբանան, Որուն Համար Միշտ Կ՛աղօթեմ» Շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ

Յաջորդը

Ֆրանք Էնկել Պատասխանած Է Ազրպէյճանին. «Պիտի Չյաջողի՛ք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.