Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանք Էնկել Պատասխանած Է Ազրպէյճանին. «Պիտի Չյաջողի՛ք»

March 17, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խմբակի ղեկավար Ֆրանք Էնկել նամակով մը դիմած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի Արտաքին եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սամետ Սէյիտովին, «Եուրոնեսթ»-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Ֆուատ Մուրատովին եւ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Ճաւանշիր Ֆեզիեւին, որոնք Արցախ այցելած Էնկելին եւ այլ եւրոխորհրդարանականներու դէմ Պաքուին սկսած միջազգային հետախուզութեան գծով նամակ մը յղած էին Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն:

Ստորեւ` Էնկելի նամակէն ուշագրաւ հատուածներ.

Պարոնա՛յք, դուք կը կարծէք, թէ տեղին է մեղադրել Եւրոպական խորհրդարանի երեք ներկայացուցիչները` այն պարզ պատճառով, որ անոնք այցելած են Ղարաբաղ:

Նախ, պէտք է յայտարարեմ, որ կտրականապէս կը հերքեմ 2 մարտ 2017 թուագրուած ձեր նամակին մէջ ներկայացուած պնդումներն ու բացարձակ անհիմն մեղադրանքները:

Ազրպէյճանցի եւ հայ զինուորները սահմանին վրայ կը մահանան` հոն հրահրուող պատերազմին, եւ ոչ թէ խորհրդարանականներու այդ տարածքը այցելելուն իբրեւ հետեւանք: Անոնք կը մահանան, որովհետեւ մէկը չի յարգեր զինադադարը, որ պէտք էր յարգուէր 1994-ի մայիս 12-էն սկսեալ: Անոնք կը մահանան, որովհետեւ կայ մէկը, որ կը մերժէ զինադադարի պահպանման համար դէտեր տեղադրելու ԵԱՀԿ-ի ջանքերը:

Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղ այցելութեան, ապա միջազգային իրաւական որեւէ փաստաթուղթի մէջ չկայ որեւէ նշում այն մասին, թէ վիճարկելի տարածքներ կարելի չէ այցելել: Միջազգային իրաւունքի որեւէ սկզբունք չ՛արգիլեր նման այցեր: Որեւէ երկիր, Ազրպէյճանէն բացի, չի կրնար երեւակայել նման սկզբունքի մը գոյութեան մասին: Եւրոպական խորհրդարանը 18 ապրիլ 2012-ին վաւերացուցած իր բանաձեւով, բաւական պարզ կերպով սահմանած է, որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից գրաւեալ շրջաններ անսահմանափակ մուտքը անհրաժեշտութի՛ւն է:

Դուք պիտի չյաջողի՛ք, որովհետեւ եթէ մենք ենթարկուինք ձեր կամքին, ապա գիտակցաբար դէմ կանգնելով բարոյական սկզբունքներուն եւ եւրոպական արժէքներուն` պիտի համաձայնինք մեկուսացնել Ղարաբաղի ժողովուրդը արտաքին աշխարհէն ու պիտի նպաստենք ձեր անվերջանալի ջանքերուն` ճնշելու անոնց քաղաքական կամքի արտայայտութիւնը: Մենք այդպիսով նաեւ նպաստած պիտի ըլլանք Ղարաբաղի ժողովուրդը մոռացութեան տալու, լքելու եւ անոր գոյութիւն ունենալու իրաւունքը մերժելու ջանքերուն: Մենք այդ մէկը չե՛նք կրնար ընել:

Ես աչք չեմ փակեր այն տառապանքին դիմաց, զոր պատերազմն ու ներքին տեղահանումները պատճառած են Ազրպէյճանի ժողովուրդին: Սակայն այդ տառապանքը բուժելու համար, 1992-1994 տարիներու պատերազմը` իր խաղաղութեան համաձայնագիրով, պէտք էր յանգեցնէր յստակ եզրի, եւ ոչ թէ յաջորդ պատերազմի մը նախապատրաստութեան: Դուք յամառօրէն կը շարունակէք զիս եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ ներգրաւուած իմ պաշտօնակիցներս նկատել յանցագործներ: Այս հանգամանքներուն մէջ դուք պէտք է ընդունիք, որ ես եւ Եւրոպական ու ազգային խորհրդարաններու բազմաթիւ պաշտօնակիցներս, որոնց հետ նոյնպէս կը վերաբերիք, պէտք է ձեր եւ ձեր իշխանութիւններուն վարքագիծին պատշաճ ուշադրութիւն հրաւիրեն: Սա՛ է միակ ուղին պաշտպանուելու ձեր կամայական սպառնալիքներէն:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Առկախուեցաւ Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով. Աշխատավարձի Յաւելումները Կը Սպասեն Վաւերացումի

Յաջորդը

Փայլան Եւ Տողան Անընդունելի Կը Նկատեն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Միջամտելը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.