Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան

March 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ 15 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են տարբեր մարզերու մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացը, մերժած են ուժով տագնապը լուծելու որեւէ փորձ, միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու շուրջ:

Քննարկուած են յատկապէս երկկողմանի համագործակցութեան առանցքային հարցեր եւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Նեղ կազմով հանդիպման սկիզբը Ռուսիոյ նախագահը, ողջունելով իր պաշտօնակիցը, ըսած է, որ 3 ապրիլին Ռուսիան ու Հայաստանը պիտի նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը` աւելցնելով, որ այս տարիներուն հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ձեռք բերած են դաշնակցային բնոյթ:

«Մենք աշխուժօրէն կը համագործակցինք միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով` ներառեալ յետխորհրդային տարածքին մէջ ստեղծուածները, ինչպէս նաեւ  միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Այս տարիներուն արձանագրուած են բազմաթիւ իրադարձութիւններ, բայց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միշտ կառուցուած են անցեալի, դարերու խորքէն եկող խոր արմատներու հիման վրայ: Անոնք նոյն ձեւով կը շարունակուին զարգացման ներկայ փուլին», յայտնած է Փութին: Ան աւելցուցած է, որ նախորդ տարի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը բարձրացած է վեց առ հարիւրով` դիտել տալով, որ այս գծով մնայուն աշխատանք կը տարուի:

«Մենք գիտենք, որ մեր հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական մեծ իրադարձութիւններու պատրաստութեան նախօրեակին. 2 ապրիլին կը նախատեսուին խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ այս բոլորը կապուած է սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ: Գործընթացը, կարծես, դիւրիններէն չէ, բայց համոզուած եմ, որ Հայաստանը, ձեր ղեկավարութեամբ, պիտի անցնէ զարգացման այս փուլը», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելուն համար: «Երախտապարտ ենք մեր հայ պաշտօնակիցներուն` հոկտեմբեր 2016-ին եւ փետրուար 2017-ին Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելնուն համար», ըսած է ան:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը անընդհատ կը համալրուի, ի յայտ կու գան նոր հարցեր, եւ բարձրագոյն մակարդակով մնայուն հանդիպումները կարելիութիւն կու տան ամփոփելու տուեալ ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքը, եւ բնականաբար, նախանշել համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտիկ ապագային եւ հեռանկարին համար: Ան անդրադարձած է երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներուն, որոնք եղած են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան:

Նեղ կազմով հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն անդամներուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպում` Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Ռուսիոյ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին հետ: Անոնք անդրադարձած են ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ բոլոր ուղղութիւններով առկայ փոխգործակցութեան ընթացքին, ամփոփած են ցարդ իրականացուած աշխատանքներուն արդիւնքներն ու քննարկած առեւտրական, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Նախագահն ու վարչապետը նաեւ անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան մեքանիզմներու արդիւնաւէտ կիրարկման հարցերուն:

Այցելութիւն Մոսկուայի Եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդարան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մարտի առաւօտեան այցելած է Հայ առաքելական եկեղեցի Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան: Սուրբ Պայծառակերպութիւն մայր տաճարին մէջ մոմավառութենէն ետք Հայաստանի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները այցելած են Անյայտ զինուորի յուշարձան, ծաղկեպսակ զետեղած յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

 

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանին Մէջ Հինգ Աթոռ Ունեցող Խմբակցութիւնը Կրցած Է Երկրին Համակարգը Փոխել. ՀՅԴ Ներկայացուցիչները` Արագածոտնի Մարզին Մէջ

Յաջորդը

Մայեմի Պիտի Հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.