Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Հոլլանտ-Ալիեւ Հանդիպում. «Կարելի Է Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ուղիներ Գտնել» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

March 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երեքշաբթի օր Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ կարելի է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներ գտնել:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ըստ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին, Հոլլանտ ըսած է. «Մենք կը հաւատանք, որ կարելի է լուծումներ գտնել այս ձգձգուող տագնապին վերաբերեալ»:

Ֆրանսա կ՛ուզէ «բանակցութիւններու վերսկսում»: Ըստ Հոլլանտի, սթաթիւս քոն անընդունելի է: «Գոյութիւն ունին վտանգներ, եւ մենք ատոր ականատեսը եղանք անցեալ տարուան ապրիլին», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Հոլլանտ նաեւ ընդգծած է, որ պէտք է նպաստել Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու կայունացման` խրախուսելով կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անհրաժեշտ նկատած է վերսկսիլ արցախեան տագնապի լուծման հարցով բանակցութիւններուն:

«Առաջին փուլով պէտք է արագօրէն վերսկսին բանակցութիւնները: Հայաստան պէտք չէ ետ կանգնի բանակցութիւններէն», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, իրավիճակը անընդունելի է: «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները բազմիցս յայտարարած են, որ իրավիճակը ընդունելի չէ: Մենք նոյնպէս ատոր մասին կը խօսինք եւ կը փափաքինք, որ իրավիճակը կարելի եղածին չափ արագ փոխուի, եւ հակամարտութեան վերջ տրուի: Տարածաշրջանին մէջ պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի, իսկ տեղահանուած ազրպէյճանցիները վերադառնան իրենց հայրենի հողերը», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ան նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճան կողմ է ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծման` միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ:

Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի ներդրած ջանքերը ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ:

 

Նախորդը

Գարեգին Արք. Պեքճեան Ընտրուած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Ցոյցով Դատապարտած Է Ալիեւի Ֆրանսա Այցելութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.